2011-10-01 13:13:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 1 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի բնակիչներէն վերադարձաւ Վատիկան։
Սրբազան Հայրը անցեալ 7 յուլիսին փոխադրուած էր Ամառնային Քահանայապետական Պալատ, ուր անցուց աղօթքի, ընթերցումի, գրութեան ու հանգիստի պահեր։
Քահանայապետական ամարանոցը, կը գտնուի Հռոմէն 25 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, Գասթել Կանտոլֆօ կոչուած գիւղաքաղաքը։ Պալատը ունի 55 հեկտար տարածութիւն, որուն մեծ մասը նուիրուած է հողագործութեան ու բուծումի։
Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը զանազան առիթներ ունեցաւ հանդիպելու՝ տեղական բնակչութեան հետ, ի մասնաւորի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, 15 օգոստոսին, պատարագ մատուցանելով Ս. Թովմասի անուան եկեղեցւոյ մէջ։ Ամառնային շրջանը առիթ հանդիսացաւ նաեւ գրելու ''Յիսուս Նազովրեցի'' գիրքին երրորդ հատորը, որ նուիրուած է Յիսուսի ծննդեան պատրաստութեան, Անոր աշխարհ Գալստեան ու Անոր մանկութեան։ Նշենք որ Քահանայապետը օգոստոս ամսոյն ընթացքին՝ (18-21 օգոստոս) մեկնեցաւ Մատրիտ նախագահելու երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուայ արարողութիւնները ու համախմբումները, իսկ վերջերս հովուական այցելութիւնը կատարեց` 3-րդ անգամուան համար` իր հայրենիքին Գերմանիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.