2011-10-01 13:17:50

Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումները Վարշավայի Մէջ։ ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը։


«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 29 սեպտեմբերին Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ապա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելուն ուղղուած հետագայ քայլերը քննարկելու համար:

«Համանախագահները դարձեալ հաստատած են 26 մայիսին Տովիլի մէջ նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի յանձնառութիւնը` խաղաղ լուծման հասնելու համար կողմերուն օգնելու հարցին մէջ: Համանախագահները նաեւ ներկայացուցած են յառաջիկայ ամիսներու, մինչեւ դեկտեմբեր Վիլնիւսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի հանդիպումի աշխատանքային ծրագիրը»:
:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ ։ Տիկին Էշթըն ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միակ ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ իրականացուող լուծման հոլովոյթին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆինլանտայի վարչապետ Եուրքի Քաթայնենի հետ: Իսկ երէկ Սերժ Սարգսեան Վարշաւայի մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին:








All the contents on this site are copyrighted ©.