2011-10-01 13:16:12

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Վատիկանի Համատեղ Յանձնախումբերու Ժողով Հնդկաստանի Բագալոր Քաղաքի Մէջ։


Հնդկաստանի Բագալոր քաղաքին մէջ, 18-էն 23 Սեպտեմբեր , տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Վատիկանի համատեղ յանձնախումբերու հանդիպումը՝ Աղօթքի շաբաթ յանուն քրիստոնէական միութեան 2013 թուականի վերջնական բնագիրը պատրաստելու նպատակով, զայն այս տարի պատրաստած էին Հնդկաստանի ուսանողներու քրիստոնէական շարժման անդամները, հիմնուելով՝ Հնդկաստանի մէջ այսօր տիրող քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական իրավիճակի վրայ։
Քննարկումներու արդիւնքին մէջ աշխատանքային խումբը յաջողած է պատրաստել Աղօթքի շաբաթ յանուն քրիստոնէական միութեան 2013 թուականի վերջնական տեքստը, որը յառաջիկային կը փոխանցուի ամբողջ աշխարհի քրիստոնէական համայնքներուն։
Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ ժողովին մասնակցեցաւ տիկին Անի Ղազարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.