2011-10-01 13:15:58

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Այցելութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւնը Լիբանանի Մէջ։


Պէյրութ -Ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը, մեծ պատուիրակութեամբ այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւնը Լիբանանի մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան արհիապատիւ Վարդան եպս. Աշգարեան, հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, պրն. Սարգիս Նաճարեան եւ պրն. Անթուան Էմիրզեան։

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը շնորհաւորեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանն ու անձնակազմը Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին առթիւ, յոյս յայտնելով որ հայոց պետականութիւնը ալ աւելի ամրապնդուի եւ բարգաւաճի եւ ծաղկուն ապագայ ունենայ յաջորդ շրջանին։

Այցելութեան աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20րդ տարեդարձը եւ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած հասունութիւնը Հայաստան Սփիւռք փոխյարաբերութեան մէջ, լաւագոյն վկայութիւնն է քսան դարերէ աւելի հայ տիպարին մէջ կերտուած աստուածասէր եւ ազատատենչ բարի նկարագրին: Ասիկա արդիւնքն է մեր նախնիքներուն աւանդին՝ ապահով գանձ եւ անկորնչելի դրամագլուխ: Աստուծոյ սուրբ Հոգին անպակաս ըլլայ մեր ղեկավարներէն եւ ժողովուրդէն»:









All the contents on this site are copyrighted ©.