2011-10-01 13:39:36

29 Սեպտեմբերէն 8 Հոկտեմբեր Ինտոնեզիայի եպիկոպոսական Համահաւաք Դասի Եպիսկոպոսները Հնգամեայ Կանոնական Այցելութիւնը Կը Կատարեն Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին


29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 8 հոկտեմբեր 2011, Վատիկան կը ժամանեն Ինտոնեզիայի եպիկոպոսական Համահաւաք դասի եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Անցեալ հինգշաբթի նորին սրբութիւնը ունկնդտրութիւնը շնորհեց Ինտոնեզիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահին ու ապա յաջորդաբար ընդունեց երկրին եպիսկոպոսները։ Ինտոնեզիան ունի 231.370.000 բնակչութիւն կազմուած 250 տարբեր ցեղերէ, բաժնուած երկու մասերու ՜՜ Բրոթոմալեզանները եւ Տէութերոմալեզանները՝՝։ Բնակչութեան 88%՛ մահմետականներ են։ Քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը որոնցմէ 3 % կաթողիկէ։ Կան նաեւ Ինտու եւ Պուտտայական կրօնի պատկանող փոքրամասնութիւններ։
Ինտոնեզիան եղած է Հոլանտական գաղութատիրութիւն ու հանրապետութիւն դարձած 17 օգոստոս 1945-ին, սակայն իսկական անկախութիւնը կարելի եղած է 1949-ին, հոլանտական զօրագունդի վերջնական մեկնումէն ետք։

Ինտոնեզիոյ եկեղեցին կազմուած է 5 նահանգային թեմերէ, եւ ունի նաեւ՝ մէկ զինուորական վիճակաւորութիւն։ Այս նահանգային թեմերէն ներս կը գործեն 8 Արքեպիսկոպոսութիւններ։ Ինտոնեզիոյ Առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Անթոնիօ Կուիտօ ֆիլիբբացցին։ Քրիտոնէական հետքերը ի յայտ կու գան 7-րդ դարու սկիզբը, մինչ 1534- ին է որ Թերնաթ կղզիին մէջ կը հաստատուի Կաթողիկէ առաջին առաքելութիւնը։
1961-ին Սուրբ աթոռը կը հաստատէ Կաթողիկէ նոււիրապետութիւնը ու կու տայ թեմական եկեղեցական վարչաձեւ։
երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետը 1989-ի հոկտեմբեր 9ին հովուական այցելութիւն կատարեց երկրին, անցնելով Ճագարթայէն, Ճավայէն, ֆլորէսէն, եւ Արեւելեան Թիմորէն։ 2005-ին՝ Ինտոնեզիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին գումարեց վեհաժողով մը << Ոտքի ել եւ Քալէ. Եկեղեցին ի նպաստ ազգային նոր քաղաքակրթութեան>> նիւթին մասին։ 2011-ին սակայն՝ նոր բախումներ տեղի ունեցան ընդմէջ մահմետականներուն եւ քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.