2011-10-01 13:15:02

2012-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օրուան Պատգամը.''Լռութիւն Եւ Խօսք. Աւետարանութեան ճանապարհը'' Բնաբանով ։


''Լռութիւնը եւ խօսքը. աւետարանութեան ճանապարհ'' բնաբանով պատգամը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ 24 յունուար 2012-ին, լրագրողներու պաշտպան սուրբին՝ Ս. ֆրանչիսքոս տը Սալեսին տօնին առթիւ ։
Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի նախագահը մամուլին հաղորդելով 2012 ի պատգամին բնաբանը, յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին համար լռութիւնը ամբողջարար գործիչ մըն է։ Լռութիւնը կարելի է նկատել հիմնական պահը ընդունելու՝ ՜՜ Աստուծոյ խօսքը՝՝։ Լռութիւնը եւ խօսքը հաւասարակշռելով կը հարստանայ հաղորդակցութեան արժէքը, եւ կը դառնայ բանալին նոր աւետարանացումի։
Յայտնենք որ 2012-ի հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ պիտի կայանայ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը ''Նոր Աւետարանացումի'' նիւթին մասին։
Նշենք որ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրը, միակ համաշխարհային համախմբութիւնն է, հաստատուած՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն 1963-ին։
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ սոյն օրը կը կը նշուի Պենետեկոստէի տօնը կանխող կիրակին՝ յառաջիկայ տարի, 2012-ին՝ կը զուգադիպի 20 մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.