2011-09-30 14:36:08

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։ Պրազիլիան Յայտագիրը։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Պրազիլիան յայտագրի մասին։

Պրազիլեան յայտագրի սփռումները սկիզբ առին 1958-ի մարտ 12-ին եւ 53 տարուայ գործունէութեան ընթացքին, յայտագրի խմբագրական կազմը ջանաց ներկայացնել Սրբազան Քահանայապետի եւ Սուրբ Աթոռի իրադարձութիւններն ու լուրերը, նաեւ ակնարկելով՝ միջազգային անցուդարձերուն ու յատկապէս կեդրոնանալով ազատութեան, մարդու իրաւունքի, կրօնի ազատութեան ու կեանքի պահպանումի նիւթերուն շուրջ։ Պրազիլեան յայտագրի անձնակազմը համոզուած է որ լաւ կազմաւորումի մը համար, հարկ է տալ լաւ խնամուած ու ճշգրիտ տեղեկութիւններ։ Պրազիլեան յայտագրի անձնակազմը ունի 6 լրագրողներ ու երկու գործակիցներ. յայտագրին պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Յիսուսեան վարդապետի մը։ Յայտագիրը շաբաթական 10 ժամ ուղիղ եթերով հաղորդումներ կը սփռէ բացի այլ ուրիշ տեղեկութիւններէ եւ Սրբազան Քահանայապետի նախագահած արարողութիւններէ։ Այս սփռումները կը վերասփռուին Պրազիլի կաթողիկէ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ ինչպէս նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասի ու Բորդուկալի մէջ։
Յայտագրին առաքելութիւնը այն է՝ հաղորդել Պրազիլի ժողովուրդին ու աշխարհի Բորդուկալերէն լեզուի ունկնդիրներուն, Սրբազան Հօր ձայնը ու անոր ուսուցումները։ Ապա կամուրջ հանդիսանալ Սուրբ Աթոռի ու տեղական եկեղեցւոյ միջեւ։ Եւ այս ուղղութեամբ է որ Քահանայապետին ձայնասփիւռը Պարզիլիան հաղորդումի խմագրութեան միջոցաւ կապեր հաստատած է աշխարհի ամենամեծ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հետ։ Կապ մը որ հիմնական կը հադիսանայ Ռատիովատիկանի առաքելութեան ի սպաս։
Պրազիլեան յայտագրի հաղորդումները կը սփռուին օրը 4 անգամ. իսկ հինգշաբթի օրերը 5 անգամ։
Կիրակի օրերը ապա ուղիղ եթերով կը սփռուի Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, անշուշտ բացի ամենօրեայ կանոնաւոր հաղորդումներէն։
Ութ ու կէս միլիոն մեթր քառակուսի տարածութեամբ եւ 200 բազմազգային բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մարտահրաւէրի հետ դէմ հանդիման կը գտնուին Պրազիլեան յայտագրի խմբագիրները։ Ինչպէս հասցնել Սրբազան Քահանայապետին ձայնը ու անոր վարդապետութիւնը ընտանիքներէն ներս։ Այս ուղղութեամբ հիմնական դեր կը խաղան տեղական Ռատիոները որ կը վերասփռեն Ռատիովատիկանի յատագիրները( Շուրջ միլիոն ունկնդիր ունեցող 300 կայաններ)։
Ուրիշ մարտահրաւէր մըն ալ ունի Վատիկանի Ձայնասփիւռի Պրազիլեան բաժինը. այն է՝ (ըստ հաղորդումի տնօրէնին) առօրեայ աշխատանքի մէջ, ապրիլ , քրիստոնեայի մեր առաքելութիւնը որ ստացանք մկրտութեամբ ։
Հալածանքի ենթարկուած եկեղեցի ու քրիստոնեաներ որոնք աշխարհի զանազան վայրերու մէջ կը տառապին իրենց կրօնքի համար եւ հասարակութիւններ որոնք կը զրկուին իրենց արդար իրաւունքներէն, այս իրողութիւններուն դիմաց պարտականութիւն կը զգանք - (Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատարմութեան ու եկեղեցւոյ հետ մեր հաղորդութեան պատճառաւ) - ձայն տալու բոլոր անոնց որոնք կը դատապարտեն այս արարքները, արարքներ՝ որոնք կը գործուին մարդու ու Աստուծոյ դէմ։
Այսօր շատ մը պրազիլցի բնակիչներ Ռատիովատիկանի միջոցաւ կարելիութիւն ունին կրկներու << Habemus Papam>> խօսքը որ կը նշանակէ ՜՜Քահանայապետ մը ունինք՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.