2011-09-30 13:47:11

Եգիպտոսի Քրիստոնեաները Մուպարաքէն Ետք Զանգուածաբար Կը Փախչին Երկրէն ։


Եգիպտոսի ոչ կառավարական կազակերպութիւնները կ'ահազանգեն քրիստոնեաներու զանգուածային փախուստի մասին: Ըստ Եգիպտոսի մարդու իրաւունքներու դաշակցութեան զեկոյցի, Մուպարաքի վարչաձեւի անկումէն ետք Եգիպտոսէն հեռացած են աւելի քան 100.000 քրիստոնեայ ղպտիներ : Կը նախատեսուի, որ մինչեւ տարուան վերջը Եգիտոսէն կը հեռանան 250.000 ղպտիներ :
Մեծամանութիւնը կը մեկնին ԱՄՆ, որ արդէն իսկ ընդունած է 42.000 հոգի: Ղպտիները կը մեկնին նաեւ Աւստրալիա, Գանատա, Արեւմտեան Եւրոպա:
Եգիպտոսի Մարդու Իրաւուքներու Դաշնակցութեան ղեկավարը նշած է, որ քրիստոնեաներու հեռացման պատճառը սալաֆիներու խումբերն են, որոնք մտադիր են երկրի մէջ հաստատել Շարիայի օրէնք, ինչպէս նաեւ սալաֆիներու յարձակումներէն եկեղեցիները պաշտպանելու եւ այդ յարձակումներու կազմակերպիչները պատժելու կառավարութեան անկարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.