2011-09-29 13:12:42

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններէն Առաջ Ֆրանսայի Ընկերվարական Նախագահի Թեկնածուն կը Յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ։


2012-ի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու, Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութիւնը ներկայացնող Ֆրանսուա Հոլլանտ՝ ֆրանսական Ալֆորթվիլ քաղաքին մէջ ֆրանսահայերու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ ինք Ֆրանսայի Ծերակոյտի նոր մեծամասնութենէն պիտի խնդրէ կրկին խորհրդարան բերել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Ան յիշեցուցած է, որ Սարքոզի չէ պահած 2007ին հայերուն տուած իր խոստումը: Ֆրանսայի Ծերակոյտը Մայիս 2011-ին կայացած նիստին՝ ձայներու 196 դէմ եւ 74 կողմ յարաբերակցութեամբ մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
16 Հոկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը հաւանութիւն տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: Սակայն օրէնքը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ էր անոր հաստատումը Ծերակոյտին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի 5րդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով (1958էն ի վեր) նախագահական ընտրութիւններէն եօթ ամիս առաջ Ծերակոյտի մէջ յաղթանակ արձանագրեցին ֆրանսայի ձախ քաղաքական ուժերը: Ընդհանուր առմամբ` Ընկերվարական կուսակցութիւնը Ծերակոյտի մէջ 175 պատգամաւոր կ'ունենայ, որ իրենց համար Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութիւն կ'ապահովէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.