2011-09-29 13:25:58

Վերջին Շրջանին Եգիպտոսէն Գաղթած Ղպտիներուն Թիւը Աւելի Քան 100 Հազար է։


Մարդու Իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան, եգիպտական մասնաճիւղի տնօրէն Նակիպ Կաբրիէլի տուեալներու համաձայն աւելի քան 100 հազար ղպտիներ գաղթած են Եգիպտոսէն։ Կազմակերպութեան գնահատումով մինչեւ տարեվերջ այս թիւը կրնայ հասնիլ 250 հազարի։ Վերջին տասը տարիներուն երկրէն հեռացած են ղպտի հասարակութեան մէկ երրորդը։ Ղպտիները հակառակ իրենց կամքին երկրէն կը հեռանան. անոնք հալածուած են մահմետական մոլեռանդ սալաֆիթներէն եւ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ երաշխաւորելու անոնց կեանքի անվտանգութիւնը։
Մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան համաձայն ղպտիներու մեծամասնութիւնը գլխաւորաբար ԱՄՆ հաստատուած է, մաս մըն ալ Աուստրալիա, Գանատա ու Եւրոպա գաղթած։








All the contents on this site are copyrighted ©.