2011-09-29 13:16:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրաժեշտի Խօսքը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցի Պաշտօնեաներուն։


Նախքան վերջնականապէս Հռոմ վերադառնալը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի պաշտօնեաները, յայտնելու անոնց իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար։
Գասթել Կանտոլֆոյի ամիսներըանցուցի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ուսումնասիրութիւններ կատարելով, աղօթելով ու նաեւ հանգիստ ընելով լուռ ու անդորր մթնոլորտին մէջ ։ Տէրը թող վարձատրէ ձեզ իր շնորհքներով եւ օրհնութեամբ ու խաղաղութեամբ պահպանէ ձեզ եւ ձեր հարազատները։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. քրիստոնեայի յատկանիշն է աղօթքը եւ եղբայրսիրութիւնը։ Կը հրաւիրեմ ձեզ ապրիլ այդ իրողութիւնը ու ձեր հաւատքին վկայութիւն տալ ձեր շրջապատին մէջ։ Ես ալ` իմ կարգիս պիտի յիշեմ ձեզ աղօթքներուս մէջ եւ ամէն բարիք կը մաղթեմ ձեր ընտանիքին, աշխատանքին ու ձեր զաւակներու դպրոցին։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնեմ Տիրամօր հովանաւորութեան ու սրտանց իմ առաքելական օրհնութիւնը կու տամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.