2011-09-29 13:41:21

Ինտոնեզիայի Կառավարութիւնը Եւ Մահմետական Հասարակութիւնը Կը Դատապարտեն Քրիստոնեաներու Ու Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ահաբեկչական Արարքները։


Կիրակի 25 սեպտեմբերին իսլամ քամիքազ-ֆիտայի մը անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեց բողոքական եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւանքով 22 հոգիներ վիրաւորուեցան։ Ահաբեկիչը միակ զոհը եղաւ։ Ինտոնեզիայի կառավարութիւնը եւ Իսլամ կրօնապետերը դատապարտեցին արարքը։ Երկրի նախագահին համար այս արարքը կը խոնարհեցնէ Ինտոնեզիայի ժողովուրդը։ Իսկ երկրի իսլամական երկրորդ մեծագոյն կազմակերպութեան՝ Մուհամատիայի պետը, քրիստոնեաներու դէմ յարձակում կատարողները, մարդկային զգացումէ զերծ ոճրագործներ որակած է։ Յայտնենք որ եկեղեցիներու դէմ յարձակումները նոր չեն Ինտոնեզիայի մէջ։ 2001-ին ռումբերը կործանեցին կաթողիկէ եւ բողոքական երկու եկեղեցիներ Ճաքարդայի մէջ, իսկ 2000ի Ծնունդին 20 եկեղեցիներ ահաբեկիչներուն թիրախ դարձան։








All the contents on this site are copyrighted ©.