2011-09-29 13:12:14

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ժԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Ողջոյնի Խօսքը Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի Յոբելեանին Առիթով։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկի յոբելեանի առիթով.
Սրտանց կ՚ողջունենք Նիւ Եորքի մէջ Հաուըրտ Գարակէօզեան Յիշատակի Հիմնարկի հիմնադրութեան 90ամեակը եւ Լիբանանի մէջ հաստատման 70ամեակը։
Գարակէօզեան Հիմնարկը կը հանդիսանայ հայ մանուկին եւ հայ ընտանիքին հաւատարիմ բարեկամը եւ զօրակիցը՝ ահաւասիկ ինը տասնամեակէ ի վեր։ Անոր պատմութիւնը զուգահեռ կ՚ընթանայ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայ զանգուածներու վերապրումին եւ Սփիւռքի տարածքին հայ կեանքի վերածաղկումին՝ ամենադժուարին ժամանակներուն մէջ։
Արդարեւ, Գարակէօզեան Հիմնարկը վերապրումի փրկարար օղակ մը եղաւ օտար ափերու վրայ ինքնահաստատման տառապագին ճիգերու մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն եւ մանաւանդ հայ մայրերուն։ Գարակէօզեան Հիմնարկը ընտանիքներուն հանդիսացաւ սպեղանի՝ իրենց վէրքերուն, դեղ ու ճար՝ իրենց ցաւերուն եւ սփոփանք՝ իրենց խռովալի օրերուն։
Մանուկներու առողջութեան եւ դաստիարակութեան համար, ընտանիքներու բարօրութեան եւ լուսաւորութեան համար, Գարակէօզեան Հիմնարկի կատարած ընկերային եւ բարեսիրական աշխատանքները ակներեւ են Լիբանանի տարածքին՝ երկարած եօթ տասնամեակներու վրայ։ Չկայ լիբանանահայ ընտանիք մը, որ այս կամ այն առիթով իր կեանքին մէջ զգացած չըլլայ այս օրհնեալ հաստատութեան զօրակցութիւնը դժուարութիւններուն մէջ եւ վայելած չըլլայ անոր հոգածութիւնը՝ հանդէպ բազմապիսի կարիքներու։
Հաստատուած ըլլալով հայկական միջավայրի մէջ՝ Գարակէօզեան Հիմնարկը հասաւ բոլոր մանուկներուն եւ մայրերուն՝ առանց յարանուանական խտրութեան։ Անոր իրերայաջորդ պատասխանատուներն ու անձնակազմի նուիրեալ անդամները միշտ ներկայ եղան ծառայութեան մէջ՝ անպատասխան չձգելով կարեկցութեան որեւէ կանչ եւ օգնութեան որեւէ դիմում։ Իրենց նուիրումին չափով՝ անոնք արժանացան մեր ժողովուրդի սիրոյն եւ երախտագիտութեան, պետական թէ համայնքային պատասխանատուներու գնահատանքին։
Այս զոյգ առիթներով, կ՚ոգեկոչենք արկածահար մահացած պատանի Հաուըրտը, որուն ի յիշատակ ծնունդ առաւ այս ազգանուէր Հիմնարկը։ Կ՚ոգեկոչենք անոր բարերար ծնողները՝ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեանները, որոնք գիտցան իրենց ցաւը սիրով յաղթահարել եւ իրենց վաղամեռիկ զաւկին յիշատակը աշխարհի մանուկներու հոգածութեան մէջ ամրօրէն հաստատել։
Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Հայրապետական Աթոռէն կ՚օրհնենք Գարակէօզեան Յիշատակի Հիմնարկը եւ անոր բոլոր աշխատակիցները՝ զոյգ յոբելեաններուն առիթով։ Բոլորին համար Բարձրեալէն կը խնդրենք մշտանորոգ յանձնառութիւն եւ կորով՝ հայ ժողովուրդին, հայ մանուկին եւ հայ ընտանիքին ծառայութեան մէջ։ Հայրական օրհնութեամբ՝ Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց









All the contents on this site are copyrighted ©.