2011-09-28 13:08:58

Սէուտական Արաբիոյ Կիները Ընտրելու եւ Ընտրուելու Իրաւունք Կը Ստանան։


Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտըլ Ազիզ իպն Սաուտ յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ բոլոր կին բնակիչներուն ընտրական իրաւունք տրամադրելու որոշումը, որմէ անոնք մինչեւ այսօր զրկուած էին : Այժմ , կիները ոչ միայն հնարաւորութիւն պիտի ունենան ՝՝քուէարկելու՝՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն, այլ նաեւ` առաջադրել իրենց թեկնածութիւնները: Փորձագէտները այս քայլը գնահատած են իբրեւ պատմական իրադարձութիւն:
Թագաւոր Ապտըլ Ազիզի խօսքերով` ան դէմ է, որ կիները , շարիաթի օրէնքներուն համաձայն, մեկուսացուած ըլլան հասարակական կեանքէն, իսկ որոշումը ընդունուած է՝ իբրեւ արդիւնք իսլամական հոգեւորականութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու,այն է Ուլեմներու հետ բանակցութիւններուն:
Սէուտական Արաբիա սակայն կիներու ապրելակերպի վերաբերեալ կը շարունակէ մնալ պահպանողական իսլամական պետութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.