2011-09-28 13:04:54

Ս. Աթոռը Նեցուկ Կը Կանգնի Պաղեստինեան Պետութեան Մը Ստեղծումին Համար Եւ Կը Հրաւիրէ ՄԱԿի Անդամ Երկիրները Որ Արի Կեցուածք Ունենան։


Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմենիք Մամպերթին, յայտնեց որ Ս. Աթոռը նեցուկ կը կենայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումին ի խնդիր եւ կը հրաւիրէ ՄԱԿի անդամ երկիրները այդ ուղղութեամբ արի կեցուածք ունենալու։ Ան յիշեցուց որ 1947ի՝ ՄԱԿի 181 որոշումը, որ կը նախատեսէ Պաղեստինը բաժնել հրեայ եւ արաբ երկու պետութիւններու, ու Երուսաղէմի գօտին միջազգային վարչաձեւի տակ դնել։
Առաջին որոշումը գործադրուեցաւ իսկ երկրորդը` հակառակ որ 64 տարիներ անցան եւ տակաւին պիտի կատարուի։ Ս. Աթոռը համոզուած է որ եթէ միջազգային հասարակութիւնը խաղաղութիւն կ'ուզէ պէտք է յանդուգն որդեգրէ։
Խօսք առնելով ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 66-րդ նիստին, Վատիկանի դիւանագէտը նաեւ խօսեցաւ աշխարհի կարեւոր հրատապ հարցերու մասին, ինչպէս. զէնքերու վաճառքը, հիւսիսային Ափրիկէի յեղաշրջումը, տնտեսական տագնապը եւ կրօնական ազատութիւնը որ հիմը կը կազմէ խաղաղութեան հաստատման, մարդկային արժանաւորութեան ճանաչումը ու մարդու իրաւունքներու պահպանումը։
193 անդամներու առջեւ, գերապայծառ Մամպերթին ցաւով մատնանշեց կրօնական անհանդրժողութեան ալիքին աճումը եւ դժբախտաբար կը նշմարենք որ քրիստոնեաները ամէնէն շատ հալածանք կը կրեն իրենց հաւատքին պատճառաւ, եւ խնդրեց որ պատշաճ եւ ազդու կարգադրութիւններ առնուին ի պաշտպանութիւն կրօնական փոքրամասնութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.