2011-09-28 13:07:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 28 սեպտեմբեր 2012-ԻՆ] առաւօտեան ժամը 10ին Նորին Սրբութիւնը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն իքնաթիռով տեղափուեցաւ Հռոմ, ուր ժամը 10.30-ին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած՝ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, մատնանշեց Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութիւնը։ <<Հոն ուր Քրիստոս ներկայ է հոն կայ նաեւ ապագայ>> այս էր նշանաբանը իմ Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութեանս հաստատալու համար հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) եւ անոնց հետ բաժնեկցելու կաթողիկէ ըլլալու ուրախութիւնը մանաւանդ սուրբ պատարագի ընթացքին։

Գերմանացի խորհրդարանի անդամներուն, որոնք առաջին անգամուայ համար խորհդարանի մէջ կը դիմաւորէին քահանայապետ մը, յիշել տուի թէ Աստուած հանրավար ընկերութեան եւ ազատութեան հանդէպ վտանգ մը չէ այլ երաշխաւոր է մարդկութեան համակեցութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան մէջ։
Այս ճանապարհորդութեան ընթացքին բաղձանք ունէի նաեւ ժամանակ յատկացնելու համամիութեան։ Լուտերի ապրած եւ բողոքական վերանորոգումի վայրին մէջ, միասնական աղօթքը բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ, մեզ աւելիով հաստատեց Քրիտոսի մէջ, ունենալով այն համոզումը որ հակառակ մեր ջանքերուն իսկական միութիւնը պարգեւ մըն է շնորհուած Քրիտոսի կողմէ։

Եղբայրական հանդիպումները հրեայ, օրթոտոքս եւ Արեւելեան օրթոտոքս, ինչպէս նաեւ՝ մահմետականներու հետ, առիթ տուին յիշեցնելու որ՝ ազատութիւնը պէտք ունի կրօնի, այնպէս ինչպէս կրօնը պէտք ունի ազատութեան։
ֆրէյպուրկի մէջ, հազարաւոր երիտասարդներուն յայտնեցի իմ վսատհութիւնս թէ՝ կարող են համայն աշխարհի տանիլ Աստուծոյ լոյսը։
Եւ ի վերջոյ, նորընծաներուն հետ հանդիպումիս ընթացքին, գոհութիւն յայտնեցի Աստուծոյ կոչին մեծութեան ու գեղեցկութեան համար։ ՜՜Ըլլալ ընկերութեան նորոգումի սերմը ՝՝ ահա այս է պարտականութիւնը որ միասնաբար յառաջ պէտք է տանին անոնք որպէս քրիստոնեաներ։

Այս խորհրդածութենէն ետք Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկէն խօսք մը ուղղեց երիտասարհներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք աւետարանի իտէալին հաւատարիմ մնալով զայն իրագործել առօրեայ կեանքի ընթացքին, ապրելով՝ Քրիստոսի ներկայութեան ուրախութեան փորձառութիւնը։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իքնաթիռով վերադարձաւ Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը ու յետ միջօրէին հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ քահանայապետական պալատի աշխատակիցներուն հետ ։ Նշենք որ նորին սրբութիւնը շաբաթ օրը, մէկ հոկտեմբերին՝ վերջնականապէս կը վերադառնայ Վատիկան, 3 ամիս անցնելէ ետք Գասթել կանտոլֆոյի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.