2011-09-28 13:08:49

ՀՀ նախագահը Մեկնած Ֆրանսայ՝ Աւարտելով Աշխատանքային Այցը Միացեալ Նահանգներ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ԱՄՆ–էն պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Ֆրանսայ: Երկօրեայ այցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան բացի պաշտօնական եւ հայ համայնքի հետ հանդիպումներէն,ֆրանսայի մէջ կը մասնակցի Հայաստանի Անկախութեան 20ամեակին նուիրուած՝ Շառլ Ազնաւուրի համերգին, ուր, նախնական տուեալով, ներկայ կը գտնուի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին։
Ֆրանսայէն նախագահը ապա կը մեկնի Լեհաստան, ուր կը մասնակցի ԵՄ «Արեւելեան համագործակցութեան» գագաթնաժողովին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամերիկայի մէջ. 26 Սեպտեմբերին ներկայ եղաւ Լոս Անճելեսի քաղաքապետ Անթօնիօ Վիլլարայկոսայի կողմէ` ի պատիւ Հայաստանի նախագահի տրուած ընդունելութեան:
Նախագահը այդ առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ ընդգծեց , որ ԱՄՆ-ի մէջ իր այցի օրերուն մեծ հպարտութիւն ապրած է` ներկայացնելով հայ ժողովուրդը: Նշելով, որ այժմ կը գտնուի քաղաքի մը մէջ, ուր Հայաստանէն դուրս կ’ապրի հայերու ամենահոծ հատուածը, Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի տեղական իշխանութիւններուն, քաղաքապետ Անթօնիօ Վիլլարայկոսային եւ հայ ժողովուրդի բոլոր բարեկամներուն` մեր հայրենակիցներու նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ եւ բարեացակամ վերաբերմունքին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.