2011-09-28 12:42:03

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։

Ուիլեըմ Սարոյեան (1908-1981). Ամերիկեան գրականութեան հայաշունչ մեծ սիրտը .


Այս տարի հայ ժողովուրդը տօնեց ծննդեան 103-ամեակը իր մեծատաղանդ զաւակներէն եւ աշխարհահռչակ արժէքներէն Ուիլեըմ Սարոյեանի։
Հայերէն լեզուով չգրեց Սարոյեան, ստեղծագործեց ամերիկեան գրականութեան աւանդներուն համահունչ, նաեւ ամէն գոյնի եւ սեռի մարդ էակին հանդէպ անհուն սիրոյ պարզութեամբ եւ երգիծանքով փարեցաւ կեանքին ու աշխարհին, բայց հանուր մարդկութեան ժառանգութիւն ձգեց գեղարուեստական բարձրորակ գրականոււթիւն մը, ուր միշտ տիրական եղաւ ինքը՝ անվիճելիօրէն հայ Սարոյեանը, անվիճելիօրէն հայաշունչ իր աշխարհայեացքով։
Ուիլեըմ Սարոյեան միշտ հպարտութեամբ շեշտեց, որ անգլերէն գրելով եւ ամերիկեան միջավայրէն իր նիւթերը քաղելով հանդերձ՝ խորապէս ամերիկահայ գրող է ինք եւ անպայման մաս կը կազմէ հայ գրողներու տաղանդաշատ ընտանիքին։

Ծնած էր 1908ին, Ֆրեզնօ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ), Պիթլիսէն գաղթած հայ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը՝ Արմենակ Սարոյեան 1905ին, 30 տարեկանին եւ առանձինն, պանդուխտ եկած էր Նիւ Եորք, բաւարար դրամ շահելու եւ նորակազմ ընտանիքը իր մօտ բերելու յոյսերով։ Այդպէս ալ եղաւ, շուտով կինը՝ Թագուհին ու երեք զաւակները հասան Նիւ Եորք, բայց չսիրեցին Նիւ Եորքի կլիման եւ Արմենակ իր ընտանիքով անցաւ Քալիֆորնիա, որուն օդն ու բնութիւնը աւելի հարազատ էին։ 1908ին ծնաւ ընտանիքի չորրորդ զաւակն ու երկրորդ տղան՝ Ուիլեըմը։ Բայց անակնկալ եւ անողոք հիւանդութիւն մը, երեք տարի ետք, պատճառ դարձաւ Արմենակի մահուան։

Իր Հենրի եղբօր եւ Զապէլ ու Կոզէթ քայրերուն հետ Ուիլեըմ որբացաւ հօրմէ։ Մայրը ստիպուեցաւ իր դեռատի զաւակները յանձնել Fred Finch Orphanage անունով Օքլէնտ գտնուող որբանոցի խնամքին, իսկ ինք աշխատանք գտաւ մերձակայ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ։ Քանի մը տարի ետք ընտանիքը վերամիացաւ Ֆրեզնոյի մէջ, Սան Յովակիմ Հովիտի շրջանը։ Անոնց միացաւ նաեւ Թագուհիի մայրը՝ նոր այրիացած Լիւսին, որ խոր ազդեցութիւն պիտի գործէր մանուկ Ուիլեըմի կազմաւորման վրայ։
Որբ մանկութեան կեանքի դաժան պայմանները, որբանոցային կեանքը, Ֆրեզնոյի գեղեցիկ բնութիւնը եւ սովորական մարդոց պարզութիւնը շաղախեցին Ուլիեըմի անսահման մարդկայնապաշտութիւնը։ Պատանի տարիքէն, ապրուստի հոգերով, ստիպուեցաւ կեանքի ասպարէզ նետուիլ, սիրեց եւ փարեցաւ թերթ բաշխելու գործին, բայց միաժամանակ՝ կանոնաւոր ուսման բացակայութեան, կլանուեցաւ ինքնադաստիարակութեամբ ու ինքնազարգացումով. անյագօրէն նուիրուեցաւ ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան անկորնչելի գոհարներու ընթերցանութեան, յատկապէս սեփական՝ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակութային հարստութեան, աւանդոյթներուն, պատմութեան եւ շրջապատի հայկական կեանքի խուզարկու ուսանողը դարձաւ։
Այդպէ՛ս սկսաւ գրել եւ առաջին անգամ 1933ին, Պոսթոնի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի էջերուն, Սիրակ Կորեան ստորագրութեամբ լոյս ընծայեց իր առաջին պատմուածքը։ Տարի մը ետք արդէն, 1934ին, լոյս ընծայեց «Խիզախ պատանին թռչող ճօճաձողի վրայ եւ այլ պատմուածքներ» խորագրով իր առաջին գիրքը, որ անմիջապէս լայն ժողովրդականութիւն գտաւ եւ մեծ հռչակ ապահովեց 26ամեայ արձակագիրին։
Այդ առթիւ ամերիկեան ծանօթ քննադատ Պ. Ռասքոն գրեց.¬ «Ի՞նչն է յատկանշական Սարոյեանի պարագային իբրեւ գրողի: Սարոյեան բուռն է, պոռթկուն եւ խելացի. ան թախծոտ է, քնքոյշ ու մարդկային. ան միամիտ կը ձեւանայ, սակայն բնաւ միամիտ չէ...։ Սարոյեան կþատէ դաժանութիւնն իր բոլոր դրսեւորումներով. ան կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը»:
Այսպիսի՛ ողջերթի խօսքերով Սարոյեան մուտք գործեց ամերիկեան գրականութեան լայն ասպարէզը։ Յաջորդ տարի իսկ, 1935ին, Սարոյեան այցելութեան գնաց հայրենի հողին, եղաւ Արեւմտահայաստան, նաեւ՝ Խորհրդային Հայաստան, ուր շուտով մտերմութիւն հաստատեց Չարենցի եւ Մարտիրոս Սարեանի նման հայոց մեծերուն հետ։
Համաշխարհային Բ.Պատերազմին Սարոյեան զօրակոչուեցաւ բանակ, ուր աշխատեցաւ զինուորական բեմագրութեանց ստեղծման վրայ: Ան պատերազմը ընկալեց է իբրեւ աղէտ եւ այդ թեման արտացոլուած է իր «Մարդկային կատակերգութիւն» վիպակին եւ «Ուեսլի Ճէքսըն արկածները» վէպին մէջ: 1950-1960ական թուականներուն Սարոյեան դարձեալ ապրեցաւ Եւրոպա, ապա վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ։ Այդ տարիներուն, ինքնակենսագրական նիւթի օգտագործումով, Սարոյեան ստեղծեց հոգեբանական վիպակներու արժէքաւոր շարք մը:

1960ականներէն, Սարոյեան նուիրուեցաւ յուշագրական գործերու ստեղծման: Յատկապէս ուշագրաւ են Պեռնարտ Շոյի, Չառլի Չապլինի, Թոմաս Էլիոթի, Եղիշէ Չարենցի նուիրուած էջերը, ինչպէս նաեւ՝ Սարոյեանի մտորումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ:

Ուիլեըմ Սարոյեան վախճանեցաւ 16 Մայիս 1981ին, իր ծննդավայր Ֆրեզնոյի մէջ։ Հայ մեծ գրողին աճիւնին մէկ մասը թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.