2011-09-28 13:07:36

Գանատայի Եպիսկոպոսները Կը Հրաւիրեն Երիտասարդները Յանձնառումով Ապրելու Իրենց Հաւատքը։


ՄԱԿէն հռչակուած՝ երիտասարդութեան համաշխարհային տարւոյն ու Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, Եպիսկոպոսները իրենց այս կոչով կը հրաւիրեն իրենց երիտասարդները գործելու՝ աւելի արդար եւ աւելի երջանիկ ընկերութեան մը կերտումին։ Իրենց այս նախաձեռնութեամբ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբը ուզեց յոյսի եւ քաջալերանքի պատգամ մը ուղղել քրիստոնեայ նոր սերունդին։
Եպիսկոպոսական յանձնախումբը դպրոցական տարւոյն սկիզբը կը քաջալերէ իւրաքանչիւր անձ, որ ամէն միջոցի դիմէ պայքարելու աղքատութեան, հիւանդութեան, անարդարութեան, անհաւասարութեան, անհատի իրաւունքի դրժումի ու բնութեան վատթարացումին դէմ։ Եկեղեցւոյ զօրակցութեան պատգամը կը ներշնչուի Աստուծոյ անհուն սէրէն, հանդէպ մարդկութեան որ Յիսուս մեզի յայտնեց։
Նշենք որ Գանատայի եպիսկոպոսական դասը, Գանատայի եպիսկոպոսներու ազգային ժողովն է, ստեղծուած՝ 1943ին ու Ս. Աթոռէն պաշտօնապէս ճանչցուած է 1948ին։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն ետք (1962-1965) Գանատայի եպիսկոպոսական դասը, 1965ին՝ դարձաւ ՜՜անդամ եպիսկոպոսական համաշխարհային ցանցին՝՝ եւ անբաժան մասը ՜՜ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.