Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ9 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւնը կը
կատարէ Լամեզիա Դերմէ եւ Սեռռա Պրունօ (Իտալիա) Թեմերուն ։ Իտալիոյ Գալապրիա մարզ կատարած
իր այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ Լամեզիա Թերմէ քաղաքին
մէջ, իսկ Սեռռա Սան Պրունօ Մենաստանի մէջ նախապէս պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը
։ Կիրակի 16 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին՝ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Նոր
Աւետարանացումի դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ , հուսկ 23 հոկտեմբերին
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ 3 երանելիներու՝ Կուիտօ
Մարիա Գինֆորդիի, Լուիճի Կուանէլլայի ու Պոնիֆաչիա Րոտրիկէզ Տէ Հասդրոյի Սրբադասման արարողութիւնը։
Չորեքշաբթի հոկտեմբերի 26 ին` Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը տեղի կ՛ունենայ պատրաստողական
աղօթքը, Ասսիզիի Համամիութենական Հաւաքին ։ 2011-ի՝ մէկ Յունուարին, Պենետիկտոս
ԺԶ Քահանայապետը, փափաք յայտնած էր այցելելու Ասսիզի, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս
Բ Քահանայապետի միջ-կրօնական պատմական հաւաքին 25րդ տարեդարձին առթիւ։ Յովհաննէս
Պօղոս Բ քահանայապետը այդ հաւաքը կատարած էր, Սուրբ ֆրանչիսկոսի քաղաք՝ Ասսիզիի մէջ,
27 հոկտեմբեր 1986ին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս լուրը հաղորդելով, փափաք յայտնած
ու հրաւէր ուղղած է քոյր եկեղեցիներու եւ աւանդական կրօններու ներկայացուցիչներուն սոյն
հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, հրաւիրելով նաեւ բարի կամքի տէր բոլոր
մարդիկը։ Ասիզիի հաւաքը նախատեսուած է 27 հոկտեմբեր 2011-ին՝ որուն պիտի մասնակցին նաեւ
Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։