2011-09-27 12:47:40

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդը Իր Տարեկան Լիանիստ Ժողովը Կը Գումարէ Թիրանա։


Թիրանայի մէջ, 29 սեպտեմբերէն մինչեւ 2 հոկտեմբեր, կը գումարուի Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի լիանիստ ժողովը, որուն աշխատանքներուն գլխաւոր նիւթերն են. ընտրութիւնը՝ եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահին, Եւրոպայի Նոր Աւետարանութիւնը, եւ ի՞նչպէս օգնութեան հասնիլ Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն, որոնց գոյատեւումը օրէ օր աւելի բարդ ու դժուար կը դառնայ։
Ասիկա առաջին անգամն է որ նման ժողով մը կը գումարուի Ալպանիայի մէջ։ Ասոր համար Ալպանիայի նախագահը` տիար Պամիր Թոփի բաղձանք յայտնած է հանդիպում ունենալու ժողովական եպիսկոպոսներու հետ, 30 սեպտեմբերին, իսկ վարչապետը տիար Սալի Պաշիրա 29 սեպտեմբերին ներկայ պիտի ըլլայ բացման ժողովին։
Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի կեդրոնը կը գտնուի Սան Կալի մէջ (Զուիցերիա) եւ անոր նախագահն է Հունգարիոյ գահերէցը կարտինալ Էրտօ։ Եւրոպայի եպիսկոպսական սիւնոդոսներու բոլոր նախագահները կրնան ընտրուիլ։
Ի պատրաստութիւն 2012-ի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ''Նոր Աւետարանութիւն'' նիւթին մասին, Եւրոպայի եպիսկոպոսները հարցարան մը ուղղած են այդ նիւթին վերաբերեալ, նոր գաղափարներ, իրականութիւններ եւ առաջարկներ որոնելու յոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.