2011-09-27 12:49:17

«Ազրպէյճանի Որեւէ Արկածախնդրութիւն Պիտի Արագացնէ Մեր Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչումը »Կ՛ըսէ Նախագահ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան ժամանակ , յայտարարեց որ Ազրպէյճանի որեւէ արկածախնդրութիւն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրէն դուրս իրականացուած գործողութիւն, պիտի արագացնէ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Արցախը արդէն 20 տարիէ ի վեր կը վայելէ իր անկախութիւնը եւ չի կրնար լուծման իբրեւ արդիւնք աւելի ցած կարգավիճակ ունենալ, քան այն, ինչ որ ունի արդէն եւ ինչ որ վաստկած է իր զաւակներուն արիւնով: Ղարաբաղի անկախութիւնը, անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը որեւէ պարագայի չեն կրնար հարցականի տակ դրուիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.