2011-09-27 12:53:54

2011-ը Հայ Մանուկի Տարի։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի կողմէ։
Հայ Մանուկի Աճումին Մէջ Ծնողներուն Դերը Լուսարձակի Տակ։


Հայ տունը ի՞նչ դեր ունի հայ մանուկի կազմաւորման ու առողջ աճումին մէջ. ծնողք ու ընտանեկան հարազատներ ինչպիսի՞ ազդեցութիւններ կրնան ունենալ ու պէ՛տք է ունենան։ Ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերիլ մանուկներուն հետ, երբ անոնք ճիշդ կամ սխալ ընթացքի մէջ են…
Մանուկի դաստիարակութեան առաջին ու հիմնական միջավայրը տունն է՝ նախքան դպրոցը, եկեղեցին, միութենական միջավայրը։ Հետեւաբար, կենսական է, որ ծնողներ ու հարազատներ հասկացողութիւն ցուցաբերեն մանուկի պահանջներուն, արարքներուն ու անոնց տուն տուող պատճառներուն նկատմամբ, խուսափին ցուցամոլութենէ եւ մանուկը մրցակցական անհարկի բաղդատութիւններու մղելէ, ու տակաւին, պէտք է անոր տրամադրել իմաստալից ժամանակ, ոչ թէ, օրինակի համար, զայն թողուլ պատկերասփիւռի «խնամքին»։
Ապա կան ազգեցութիւնը մշակոյթներու , իբրեւ բնական հետեւանք՝ մանուկին ապրած միջավայրերուն ու նաեւ հայ երէց սերունդի նպաստին կարեւորութիւնը՝ մանուկի կազմաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեանց փոխանցումը մանուկներուն ու սոյն ժառանգութեանց ներարկումի միջոցները։

Հոս նշենք որ Արամ Ա. կաթողիկոս, 2011ը Հայ Մանուկի Տարի հռչակող իր պատգամին մէջ անդրադարձած էր այն նախադրեալներուն, զորս պէտք է տրամադրել հայ մանուկին առողջ դաստիարակութեան ու հայեցի աճումին համար։ Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք «Ձեր գանձերը ո՛ւր որ են, ձեր սիրտը հոն է»։ Այս մօտեցումով ալ պէտք չէ սիրտերը կապել նիւթական արժէքներու, այլ առաջնահերթ գանձ նկատել մանուկները, արժանի հոգածութիւնը տրամադրել անոնց ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտաւոր աճումին, առանց մոռնալու մանուկի դաստիարակութեան մէջ տան եւ ծնողներու հիմնական դերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.