2011-09-26 13:29:57

Գերապայծառ Վելիօ Ցաւ Կը Յայտնէ Եւրոպայի Ցամաքամասի Ինքնութեան Կորուստին Համար։


Վատիկանի Գաղթականութեան հարցերու պատասխանատու գերապայծառ Վելիօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ցաւ յայտնած է այսօրուայ Եւրոպայի ինքնութեան, քրիստոնէական արժէքներու կորուստին համար։ Նման Եւրոպա մը հրաժարած իր դիմագիծէն ու պատմութենէն, զերծ է հիմնական արժէքներէն , ի վիճակի չէ ընդունիլ իր հողին վրայ գաղթական-փախստականները։ Ներկայ Երոպան լռութեան մատնած է բոլոր այն սկզբունքներն ու արժէքները որ զինք կազմեցին ու ձեւաւորեցին եւ նոյնիսկ կ'ուզէ մոռնալ իր քրիստոնէական արմատները։








All the contents on this site are copyrighted ©.