2011-09-25 10:15:11

Պենետիկտոս ԺԶ ֆրէյպուրկի Մէջ Նախագահեց Երիտասարդներու Հետ Երեկոյան Հսկումի Աղօթքը։


Շաբաթ 24 սեպտեմբերին, Էրֆուրդի մէջ առաւօտեան պատարագի քարոզին ու ապա ֆրէյպուրկի մէջ երիտասարդներու հետ երեկոյեան հսկումի ճառին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ խօսեցաւ հաւատքի կարեւորութեան մասին։ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց երիտասարդները փնտռելու <<հաւատքի արմատները>> իր ճառը կեդրոնացնելով՝ Յովհաննէս ու Մատթէոս աւետարանիչներէն առնուած երկու հատուածներու վրայ <<Ես եմ աշխարհի լոյսը>> (Յովհ. 8,12) եւ <<Դուք էք աշխարհի լոյսը>> (Մատթ. 5,14)։
Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ լոյս կը սփռէ մանաւանդ այն վայրերուն մէջ ուր՝ մարդկանց դատումի համաձայն, ամէն ինչ կը թուի մռայլ ու անյոյս -ըսաւ նորին սրբութիւնը ու շարունակեց - եթէ հաւատանք Անոր որպէս Աստուծոյ Որդի որ հիւանդները բժշկեց ու յարութիւն տուաւ մեռելներուն ու աւելին՝ Ինքը յարութիւն առաւ ու կ՛ապրի մեր մէջ , այն ժամանակ կը հակնանք թէ Ան է լոյսը եւ աշխարհի համայն լոյսերու աղբիւրը։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը հաստատէ թէ կեանքի կարեւոր հանգրուաններու ընթացքին, պէտք ունինք ուրիշներուն, մանաւանդ հաւատքի մէջ, առանձին՝ միայնակ չենք, այլ՝ օղակ մըն ենք հաւատացեալներու ցանցին։
Հուսկ Սրբազան Հայրը կը մատնաշէ թէ՝ եկեղեցւոյ վնասները չեն գար անոր հակառակորդներէն, այլ գաղջացած քրիստոնեաներէն։
Մկրտութեամբ՝ Տէրը մեզի կը շնորհէ սրբութեան շնորհքի լոյսը. ով որ այս լոյսը կը պահպանէ եւ ով որ շնորհքի մէջ կ՛ապրի, իսկական սուրբ է։ Շատ անգամ կը մատածենք թէ սուրբը այն անձն է որ ճգնողական եւ բարոյական գնահատելի արարքներ կը գործէ, անիկա սխալ ըմբռնում մըն է։ Քրիստոս չի հետաքրքրուիր թէ քանի անգամ կը վարանիք ու կ՛իյնաք, այլ՝ քանի անգամ ոտքի կ՛ելլէք։ Ան չի պահանջեր արտասովոր գործեր այլ կը փափաքի որ իր լոյսը փայլի ձեր մէջ։ Ան ձեզ չի կանչեր որովհետեւ բարի էք եւ կատարեալ այլ որովհետեւ Ան ողորմած է ու կ՛ուզէ ձեզ բարեկամ դարձնել իրեն , որովհետեւ Ան` ՜՜Քրիստոս՝` կեանք է։








All the contents on this site are copyrighted ©.