2011-09-25 12:00:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խորհրդածութիւնը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին։


Պատարագին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանեց եւ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Գաբրիէլ հրեշտակապետի հետեւեալ խօսքին վրայ. ''Մի վախնար Մարաիամ, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար''։ Մարիամի ''Այո''ին շնորհիւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մենք պէտք չէ վախնանք, հակառակ մեր բոլոր մտահոգութիւններուն։ Աստուած բարի է։ Միաժամանակ մենք կրնանք վստահիլ անհամար հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք մեզի հետ թիկունք կը կանգնին ու մեզի հետ միացած` հեռուստատեսիլի ու ձայնասփիւռի միջոցաւ. կ'աղօթեն ''Հրեշտակ Տեառն''ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.