2011-09-25 10:14:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Այցելութիւնը Գերմանիա - Վերջին Օր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը7 այսօր կ՛աւարտէ իր երկիրը՝ Գերմանիա կատարած չորս օրուայ առաքելական այցելութիւնը, որ ունեցաւ խիտ եւ յանձնառու յատագիր մը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը արտասնեց 17 ճառեր ու քարոզներ այն բազմաթիւ ու բազմազան հանդիպումներուն ընթացքին, որ ունեցաւ երկրին քաղաքական ինշխանութիւններու, զանազան կրօններու ներկայացուցիչներու ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ։ Սրբազան Քագանայապետին այս 21րդ առաքելական Ճանապարհորդութիւնը հադիսացաւ արդիւնաբեր նա մանաւանդ համամիութենական երկխօսութեան գետնի վրայ ու մասնաւորպէս Լուտերի հիմնած բողոքական եկեղեցւոյ հետ։
Նորին Սրբութիւնը շաբաթ օրուայ յատագիրը աւարտեց երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումով ֆրէյպուրկի Տօնավաճառի կեդրոնի մէջ, ուր արարողութեան սկիզբը բարի գալուստի պատգամով հանդէս եկաւ ֆրէյպուրկի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Րոպերթ Զոլլիսխ, որմէ ետք ինը երիտասարդներ յաջորդաբար խօսեցան իրենց կեանքի փորձառութեան մասին, ու ապա Սրբազան հայրը վարեց երիտասարդներու բռնած ջահերը որոնք իրենց կարգին վարեցին հրապարակը գտնուող երիտասարդներուն բոլոր ջահերը։
Հսկումի աղօթքի երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ արշալոյս, ի պատրաստութիւն կիրակի օրուայ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ ֆրէյպուրկի օդակայանի բացօթեայ տարածքի վրայ, կիրակի 25 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին մասնակցութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներու ու գերմանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 27 Թեմերու եպիսկոպոսներուն։
Սուրբ զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք հրաժեշտ առնելով հաւատացեալներէն ուղղուեցաւ ֆրէյպուրկի աքրեպիսկոպոսարանի նորնծայարանը ուր եպիսկոպոսներու հետ եղբայրական ակաբին մասնակցեցաւ։

Յետ միջօրէին՝ ժամը 16.20-ին, նորընծայարանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Սահմանադրային Ատեանի 16 Դատաւորներուն հետ, ապա հրաժեշտ առաւ ֆրէյպուրկի նորնծայարանէն եւ ուղղուեցաւ ֆրէյպուրկի ճարտարապետութեան կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկէ հասարակութեան՝ եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ յանձնառու անդամներուն հետ, ուր ֆրէյպուրկի ֆիլարմոնիք նուագախումբը Սրբազան Հօր ի պատիւ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը։
Այս հանդիպումով Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց Գերմանիա կատարած (22-25 սեպտեմբեր) չորսօրեայ այցելութիւնը, եւ ուղղուելով դէպի օդակայան ուր հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին քահանայապետը ճառ մը պիտի արտասանէ որմէ ետք ալ քահանայապետական օդանաւը թռիչք կ՛առնէ ժամը 19.15-ին, ու Հռոմ կը ժամանէ երեկոյեան 8.45ին։ Այպէսով վերջ կը գտնէ Քահանայապետական 134րդ ճամբորդութիւնը Իտալիոյ սահմաններէն դուրս։








All the contents on this site are copyrighted ©.