2011-09-25 10:24:49

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Օլաւ Տուեյտի Այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին


Սեպտեմբերի 21-23 Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով Հայաստան այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Օլաւ Տուեյտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Վեհափառի շքախումբին հետ մասնակցեցաւ 21 Սեպտեմբերին՝ Հանրապետութեան հրապարակը կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին, ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին։
Հայաստան գտնուած օրերուն, ԵՀԽ-ի Գլխաւոր քարտուղարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, հանդիպումներ ունեցաւ էկումենիկ կազմակերպութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, նաեւ այցելեց Գեւորգեան Հոգեւոր Ճեմարան, Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոց եւ ԵՊՀ.ի Աստուածաբանութեան համալսարան, ուր Գլխաւոր քարտուղարը դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.