2011-09-24 13:14:12

Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը։


Կիրակի 25 Սեպտեմբերին Հայ Եկեղեցին Կը Յիշատակէ Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը։
Ամէն տարի Սուրբ Գէորգի տօնին յաջորդող Կիրակին, որ միշտ Սեպտեմբեր 28-ի ամենէն մօտ Կիրակին է, Հայ Եկեղեցին կը նշէ խաչին նուիրուած Վարագայ Ս. խաչի տօնը:
Այս տօնը կը վերագրուի ՜՜Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ՝՝:
Ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէն այդ տեղ պահեր է իր վիզի խաչը:
Հոն, շուրջ 653-ին, երկու ճգնաւորներ, Յովէլ եւ Թոդիկ, տեսիլք մը կ'ունենան, ուր հրաշալի լուսաւորութիւն մը զիրենք կ'առաջնորդէ դէպի Վանի Վարագ լեռներ, ուր լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ, ու ի յայտ կու գայ՝ խաչ մը:

Վարագավանքը՝
Կը գտնուի Վան քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին:
653-ին երբ յայտնի կը դառնայ Վարագայ Ս. Խաչի «Նշան»ին տեղը, Ներսէս Գ. կաթողիկոս Տայեցին, կը կառուցէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ կը հաստատէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը:
870-ին արաբները կը գրաւեն Վարագավանքը, սակայն շատ չանցած Աշոտ Արծրունի իշխանը կ'ազատագրէ զայն:
1857-ին Վարագավանքի վանահայր կը նշանակուի Խրիմեան Հայրիկը «Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի»:
1915-էն ի վեր Վարագավանքը լքուած է եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.