2011-09-24 11:57:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Այցելութիւնը Գերմանիա:


Պերլինի պատին փլուզումէն ետք 1989ին, Քահանայապետի մը առաջին պաշտօնական այցելութիւնը համարուած է Պենետիկտոս ԺԶ Գերմանիայ կատարած Հովուական ու պաշտօնական այս այցելութիւնը։
Ճամբորդութեան նախօրեակին տեղական ու միջազգային շատ մը թերթերու յօդուածները կեդրոնացած էին ժխտական իրադարձութիւններու վրայ , ինչպէս՝ բողոքի ցոյցերը որ ոչ մէկ յաջողութիւն արձանագրեցին կամ ապստամբ մի քանի նախարարներու որոշում՜ը բացակայելու խորհրդարանէն Սրբազան Հօր հետ հանդիպման ընթացքին։ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին Գերմանիա ժամանումէն ետք, յօդուածագիրները փոխելով իրենց դիրքը, սկսան խօսիլ ՜՜Սրբազան Քահանայապետի յաջող ու պտղաբեր առաքելական ճամբորդութեան մը՝՝ մասին, մատնանշելով թէ՝ ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶ ոչ միայն կարողացաւ հրապուրել կաթողիկէ համայնքն ու հաւատացեալները, այլ նաեւ՝ բոլոր անոնք որոնց հետ հանդիպում ունեցաւ ինչպէս Գերմանիոյ հրեայ կամ իսլամ հասարակութիւններու պատասխանատուները եւ Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Նորին Սրբութեան արտասանած ճառը գերմանիոյ խորհրդարանին անդամներուն առջեւ, նկատուեցաւ որպէս <<դարու Ճառ>>։
Սրբազան քահանայապետին ՜՜ Համամիութենական բնոյթ ունեցող այս այցելութինը՝՝ այսօր կը հասնի իր երրորդ ու վերջին հանգրուանին ու կաթողիկէութեան կեդրոն՝ ֆրէյպուրկի մէջ Նորին Սրբութիւնը վաղը կիրակի 25 սեպտեմբերին կ՛աւարտէ իր հովուական առաքելութիւնը ու երեկոյեան կը վերադառնայ Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.