2011-09-24 11:19:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գերմանիոյ մէջ - Երրորդ Օր


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 22-25 սեպտեմբեր Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութեան վերջին երկու օրերը պիտի անցնէ ֆրիպուրկ Էն Պրէյզկաու թեմին մէջ։
Շաբաթ 24 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին Նորին Սրբութիւնը Էրֆուրդի Մայր Տաճարին մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագը, ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ դէպի օդակայան ուրկէ օդանաւով մեկնեցաւ դէպի ֆրիպուրկ Էն Պրէյզկաու ուր ժամանեց 12.50-ին եւ դիմաւորուեցաւ Նահանգի նախագահին՝ Ուինֆրիտ Գրէթշմանի ու անոր կողակիցի կողմէ, ներկայութեամբ նաեւ այլ եկեղեցական ու կառավարական անձնաւորութիւններուն ։

ֆրիպուրկ Էն Պրէյզկաու քաղաքը հիմնուած է 1091 ին։ 1200-ին սկսած է ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ շինութիւնը։ Վերանորգման տարիներուն ֆրիպուրկը կը հակառակի բողոքական վերանորոգումներուն, ու կը դառնայ կաթողիկէութեան աշտարակ։ ֆրէյպուրկի Արքեպիսկոպոսութիւնը հիմնուած է 1821-ին եւ ունի 16.229 քմ տարածութիւն եւ գրեթէ 5 միլիոն բնակչութիւն որոնցմէ 2 միլիոնը կաթողիկէ են։ Արքեպիսկոպոսութեան ներքեւ կը գործեն 1075 ժողովրդապետութիւններ։ թեմական քահանաներուն թիւն է 949 , կան նաեւ 299 կրօնաւորներ ու 1709 կրօնաւորուհիներ։ ֆրիպիուրկի արքեպիսկոպոսն է, գերապայծառ Րոպերթ Զոլլիթսխ ծնած 1938 ին, ան նաեւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահն է։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած 1965-ին։ Եպիսկոպոս ընտրուած ու օծուած 2003ին։

Սրաբազան Հօր ֆրիպուրկ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը եղաւ ֆրիպուրկի մայր տաճարի այցելութիւնը ։ Նորին Սրբութիւնը հոն ժամանեց ժամը 14-ին ուր հանդիպում ունեցաւ 800 թերաճներու, հաշմանդամներու եւ հիւանդներու հետ ապա ոսկեմատեանի էջին վրայ իր ստորագրութիւնը դնելէ ետք, ուղղուեցաւ Մայր տաճարի հրապարակը ուր զինք կը սպասէին ֆրիպուրկի մեծ թիւով հաւատացեալները, որոնց Նորին Սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց։ Այս հանդիպումէն ետք, սրբազան հայրը ուղղուեցաւ ֆրիպուրկի Նորընծայարան, ուր յետ միջօրէին առանձնական հանդիպում ունեցաւ երբեմնի գերմանիոյ վարչապետ Հէլմութ Գոլի հետ։ Ժամը 17.15-ին՝ Նորընծայարանին մէջ Սրբազան հայրը ընդունեց գերմանիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ 15 ներկայացուցիչները։
Գերմանիոյ մէջ Բիւզանդական Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայութիւնը սկսած է 1917ին Ռուսական յեղափոխութեան սկիզբը։ Ապա 60ական թուականներուն հոն հաստատուած են Յոյն ու Սերպիոյ օրթոտոքս համայնքի հաւատացեալները։
2010-ին Օրթոտոքս եկեղեցիներու եպիսկոպոսները կազմեցին Օրթոտոքս եկեղեցիներու եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը, որուն մաս կը կազմեն գերմանիա ապրող բոլոր օրթոտոքս եպիսկոպոսները։ Գերմանիոյ մէջ, ըստ տուեալներուն՝ կան 467 օրթոտոքս համայնքներ 17 եպիսկոպոսներով 267 վարդապետներով ու 40 սարկաւագներով։ Բիւզանդական Օրթոտոքս հաւատացեալներու թիւը կը հասնի 1.300.000-ի, որոնցմէ 400.000-ը կը պատկանի ԿՊ պատրիարքութեան, 300.000 Րումանիոյ Օրթոտոքս պատրիարքութեան, 280.000 Սերպիոյ Օրթոտոքս պատրիարքութեան, 250.000 Ռուսիոյ Պատրիարքութեան, 60.000 Պուլկարիոյ Պատրիարքութեան եւ 13.000 Անտիոքի յոյն օրթոտոքս պատրաիքրութեան, իսկ 10.000 ալ Վրաստանի պատրիարքութեան։
Գալով Արեւելեան եկեղեցիներու օրթոտոքսներուն գերմանիոյ մէջ կ՛ապրին 80 հազար Անտիոքի՝ Ասորի Օրթոտոքս Պատրիարքութեան հաւատացեալներ, 40.000 հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ հաւատացեալներ, 20.000 Եւթոպական եկեղեցիէն, 7000 Աղեքսանտրիոյ պատրիաքութենէն։

Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումին աւարտին Սրբազան հայրը ժամը 17.45-ին՝ յատուկ հանդիպում ունեցաւ նորընծաներուն հետ ու ապա ժամը 18.15-ին գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ հանդիպումէ ետք՝ Պենետիկտոս ԺԶ ուղղուեցաւ ֆրիպուրկի Տօնավաճառի կեդրոնը, ուր երեկոյեան ժամը 19-ին՝ նախագահեց երիտասարդական Հսկումի երեկոյին։








All the contents on this site are copyrighted ©.