2011-09-24 12:55:43

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Քննադատեց Ազրպէյճանի Ապակառուցողական Կեցուածքը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին : Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանի որդեգրած ապակառուցողական կեցուածքին:
Ան նշեց, որ հակառակ տագնապի լուծման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործադրած աշխուժ ջանքերուն եւ այդ շրջագիծին մէջ ստորագրուած շարք մը փաստաթուղթերու, Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել՝՝ ուժ չկիրարկելու եւ ուժի սպառնալիքէ զերծ մնալու սկզբունքը՝՝ հրահրելով սպառազինութեան մրցավազք:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտ է բացառել ապագային նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց կարգաւորման, փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ուղղուած Հայաստանի նախաձեռնութիւնը, որ յանգեցուց Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան, առայժմ որեւէ արդիւնք չի տար Թուրքիոյ կողմէ արձանագրութեանց վաւերացման հոլովոյթի սառեցման պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.