2011-09-24 12:55:31

ՄԱԿ-ի Կեդրոնակայանէն Պաղեստինի Նախագահ Ապու Մազէն Պաշտօնապէս Խնդրեց Պաղեստինեան Պետութեան Ճանաչումը։


Երէկ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի Կեդրոնատեղին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 66-րդ նստաշրջանին բեմ գալով Պաղեստինի Նախագահ Ապու Մազէն խնդրեց Պաղեստինի Պետութեան պաշտօնական ճանաչումը ու անոր լի իրաւ անդամակցութիւնը ՝ ՄԱԿ-ի։ Երէկուայ նստաշտջանի կիզակէտը հանդիսացաւ արդարեւ Ապու Մազէնի այս միջամտութիւնը Պաղեստինի միջազգային ճանաչման հարցով։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն կը զօրակցի Պաղեստինի Պետութեան հաստատման ու միջազգային ճանաչման,նշելով որ Իսրայէլ եւ Պաղեստին հաշտութեամբ քով քովի պէտք է ապրին որպէս դրացի պետութիւններ։ Նոյնպէս Արաբ Երկիրներու Արտաքին Գործոց նախարարները կը զօրակցին Պաղեստինեան Պետութեան ՄԱԿ-ի լի իրաւ անդամակցութեան Պաղեստինեան Իշխանութեան կատարած դիմումին։ ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր կարգին առաջարկեց ՝՝Դէտի Կարգավիճակ տալ Պաղեստինին՝՝ որ մերժուեցաւ Իսրայէլի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.