2011-09-23 11:48:47

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։ Սլովէն Յայտագիրը։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Սլովէն յայտագրի մասին։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի շրջանին, Ռատիօ Վատիկանը շատ կարեւոր դեր մը ունեցաւ։ Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքով, Վատիկանի Ձայնասփիւռը պատգամներ կը սփռէր, իրար հետ կապի մէջ դնելով զինուորները, գաղթականները ու անոնց ընտանեկան պարագաները։ Պատերազմէն ետք համայնավար բռնատիրութեան ընթացքին, Ռատիովատիկանի սփռումները գտնուեցան նոր մարտահրաւէրի առջեւ, ու 1947 -ին՝ սկիզբ առին Րումաներէն ու Չէխ լեզուով յայտագիրները, յաջորդ տարին՝ Ռուսերէնը ապա Սլովէն ու Լէթթոն լեզուներով յայտագիրները։

Սլովէն յայտագիրներու պատասխանատուն էր Յիսուսեան հայր Անթոն Բրէշերէնը։ 1990-ին Սլովէնիան յայտարարեց իր անկախութիւնը եւ 1991-ին ճանչցուեցաւ Սուրբ Աթոռի կողմէ։ Այդ թուականէն սկսեալ երեք կարեւոր դէպքեր յիշուելու արժանի են. ՜՜ 1996-ին ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետը առաջին առաքելական այցը կատարեց Սլովէնիա, որուն ընթացքին ան յորդորեց երիտասարդները ըլլալու քաջ։ Քահանայապետին երկրորդ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 1999-ին Անթոն Մարթին Զլոմչէքի երանացման արարողութեան առթիւ ու ապա 2010-ին՝ Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի ընթացքին, երբ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարտինալ Պերթոնէն որպէս Պենետիկտոս ԺԶ.ի յատուկ նուիրակ խորաններու Պատւոյն բարձրացուց երիտասարդ նահատակ Լոյզէ Կրոդզէն՝՝։

Սլովէն յայտագրին առաջնակարգ նպատակն է, հաւատարիմ մնալ Ռատիովատիկանի կոչումին սփռելով Սրբազան Քահանայապետի պատգամները ու Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը։ Ասոնց աւելցնել այլ կոչում մը եւս, որ է՝ նեցուկ կանգնիլ Սլովէն եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն, օգտագործելով Սուրբ Աթոռի ձայնասփիւռին տրամադրած նորանոր հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները։








All the contents on this site are copyrighted ©.