2011-09-23 12:09:06

Պերլինի Մէջ Մատուցած Առաջին Պատարագին, Ողիմպիական Դաշտին Վրայ, Նորին Սրբութիւնը Զգուշացուց Հաւատացեալները Մակերեսային Տեսութենէն Եկեղեցւոյ Հանդէպ։


Աւելի քան 80 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ մատուցած պատարագին, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. Եկեղեցւոյ պատկանիլը ինքնին ոչ մէկ ուրախութիւն կու տայ, եթէ գոհանանք լոկ արտաքին երեւոյթներուն վրայ ու փնտռենք մեր անհատական երազներու իրականացումը։
Սրբազան Հայրը այս յայտարարութիւնը կատարեց անուղղակիօրէն պատասխանելով կարգ մը գերմանացի եկեղեցականներուն հարցադրանքներուն՝ որոնք կը բաղձան կամայական վերանորոգումներ կատարել Եկեղեցւոյ մէջ, որ անոնց աչքին կը թուի խստապահանջ։
Ոմանք կը դիտեն Եկեղեցին, կանգ առնելով անոր արտաքին երեւոյթին առջեւ, եւ այդպէսով անոնց աչքին կ'երեւի որպէս հանրավար ընկերութեան բազմաթիւ կազմակերոպութիւններէն մէկը։ Այդ ընկերութեան կանոններու եւ օրէնքներու համաձայն, Եկեղեցւոյ մտայղացքը ինքնին դժուար կը դառնայ, բացայայտեց Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով որ եթէ այդ իրողութեան աւելցնենք այն ցաւալի փորձառութիւնը, թէ՝ Եկեղեցւոյ մէջ կան բարի ու վատ ձուկեր, բարի հատիկ ու որոմ, եւ եթէ մեր ակնարկը միշտ սեւերենք ժխտական բաներու վրայ, այն ատեն պիտի չկարողանանք դիտել եկեղեցւոյ մեծ ու խորունկ խորհուրդը։
Նորին Սրբութեան ժամանումին մարզադաշտը ժամը 18-ին, մարզադաշտը ծափողջուներով դղրդաց։ Քահանայապետական ինքնաշարժը դարձաւ մարզադաշտին շուրջը։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան երկրի հանրապետութեան նախագահը Քրիստեան Ուոլֆ եւ վարչապետ Անճելա Մերկէլ եւ անոր կողակիցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.