2011-09-23 11:57:31

Առաքելական Այցելութեան Մը Տպաւորութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Գերմանիա։ Պերլինի բնակչութեան ջերմ ընդունելութիւնը եւ Սրբազան Հօր ողջագրումը ժողովուրդին։
Պիլտ օրաթերթի շէնքի 19 հարկերը ծածկող հսկայական գովազդը, մի քանի օրերէ ի վեր, 22 սեպտեմբերին բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Քահանայապետի առաջին հանգրուանը այցելութեան։ Բարի գալուստ մը՝ որուն բնականաբար միացան երկրի կաթողիկէ հաւատացեալները։ Հանրապետութեան նախագահ Քրիստեան Ուօլֆ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հետեւեալ խօսքերով. ''սրտանց կ'ըսեմ բարի եկաք Գերմանիա, յանուն մեր երկրի ժողովուրդին, բարի վերադարձ դէպի տուն''։
Սրբազան Հօր առաջին օրուան այցելութիւնը վերապահուեցաւ պաշտօնական հանդիպումներու` երկրի հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու ազգային ժողովի անդամներուն հետ։ Ինչպէս միշտ, Սրբազան Քահանայապետի ամէն մէկ ճամբորդութեան, բնակիչները համապատասխան սիրոյ ու գնահատանքի վկայութիւն կու տան։ Պերլինի բնակիչները շուտով ըմբռնեցին որ Սրբազան Քահանայապետը իրենց մօտ կու գայ , ոչ թէ հետապնդելու քաղաքական ու տնտեսական կէտնպատակներ այլ անոնց հանդիպելու եւ խօսելու Աստուծոյ մասին ։
Աշնանային բնութեամբ պճնուած պաշտօնական այցելութիւնը եղաւ պարզ եւ առանց ճառի, սակայն ծաղկեփունջերու ներկայացումը մանուկներու կողմէ ինքնին պետճախօս էր։
Նախագահական պալատի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ոսկեմատեանին մէջ իր ստորագրութիւնը դրաւ։ Առանձնական խօսակցութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նախագահին նուիրեց ''Գլաուտիօ Թոլոմէոյի աշխարհագրութիւն'' նոյնօրինակ ձեռագիրը։
Իսկ վարչապետ Անճելա Մերքէլին նուիրեց վերարտադրութիւնը ''Վատիկանի այգիներու խորհուրդներու աղբիւրը'' որ կը կրէ Սրբազան Հօր մէկ ինքնագիրը։
Յետ միջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը այցելեց դաշնակցային խորհրդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ հրեայ հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Ուրբաթ առաւօտ Սրբազան Հայրը հասաւ Էրֆուրդ` երկիրը Լիւտերի ու երբեմնի արեւելեան Գերմանիոյ, ուր Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասը կամայականօրէն ուզած է հաստատել միսիոնարական հովուութեան սեփական կեդրոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.