«Հայաստան Մտած է Տնտեսական Աշխուժութեան Հանգրուան՝՝ Կ՝ըսէ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։
Ըստ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան նախանցեալ
օր հրապարակած ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող հիմնական տնտեսական ցուցանիշները
օգոստոս 2011-ին կը վկայեն, որ Հայաստան մտած է տնտեսական աշխուժութեան հանգրուան: Տիգրան
Սարգսեան յայտնեց, որ աննախադէպ անկումէն ետք գիւղատնտեսութիւնը կ՛արձանագրէ աճի բաւական
բարձր թափ, արդիւնաբերութիւնը բաւական բարձր կշռոյթով կ՛աճի. արտահանման աճի թափը կը
գերազանցէ ներմուծման աճի թափին: Այս ամէնուն զուգընթաց` անկումը կը շարունակուի շինարարութեան
մարզին մէջ, ինչ որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լուրջ խնդիր կ՛որակէ: