2011-09-22 14:09:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գերմանիոյ Այցելութեամբ՝ Ընթացք Կու Տայ Նոր Աւետարանութեան։


Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ կիսապաշտօն օրաթերթը, 21 սեպտեմբերի թիւին մէջ, յօդուած մը հրապարակած է որով կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գերմանիա այցելութեան նպատակը. ՜՜ընթացք տալ Եւրոպայի նոր աւետարանութեան եւ ուղղել հաւատքի պատգամը, որ յոյսով կը դիտէ ապագան կեդրոնացած քրիստոնէական արժէքներու վրայ։
Վատիկանի օրաթերթը դիտել կու տայ որ աշխարհականացումի ընթացքը կը համակէ բոլոր Գերմանիան, մինչ անոր սահմանադրութիւնը վաւերացուած երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, գրուած է քրիստոնէական արժէքներու ոգիով։ Հետեւաբար Աւետարանի քարոզութիւնը Եկեղեցւոյ համար կը մնայ ամէնէն կարեւորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.