2011-09-22 14:07:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ճառը Բարի Գալուստի Արարողութեան Ընթացքին


Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական այցով այս առաւօտ ժամանեց Պերլինի - Թեկել օդակայանը, ու պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Դաշնակցային գերմանիոյ նախագահ Քրիստեան Վոլֆի նախագահած շքախումբի կողմէ, ու ապա ուղղուելով ՊԷլվիւ նախագահական Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ Բարի Գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Ճառ մը արատասանեց, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց գերմանիոյ նախագահին այս պաշտօնական հրաւէրին համար ու ապա մատնանշեց թէ <<հակառակ պաշտօնական հանգամանք ունեցող այս այցելութեան, որ պիտի ամրապնդէ յարաբերութիւնները ընդմէջ Սուրբ Աթոռի եւ Գերմանիոյ կառավարութեան, ես հոս չեմ գտնուիր քաղաքական կամ տնտեսական նպատակներ հետապնդելու համար, ինչպէս կ՛ընեն այլ Պետութիւններու ներկայացուցիչները, այլ եկած եմ հանդիպելու մարդոց եւ անոնց խօսելու Աստուծոյ մասին։
Այսօրուայ մշակոյթը կրօնի հանդէպ անտարբերութեան յառաջացում կ՛արձանագրէ ճշմարտութեան հարցը նկատելով որպէս արգելք, ու առաջնահերթութիւն տալով օգտապաշտ նկատողութիւններուն։ Միւս կողմէն կարիքը կայ համակեցութեան հիմք մը ունենալու, ապա թէ ոչ կ՛ապրինք լոկ անհատականութեան մէջ։ Այս ուղղութեամբ կրօնը այս հիմերէն մին կը հանդիսանայ յաջող համակեցութեան համար։ Այնպէս ինչպէս կրօնը պէտք ունի ազատութեան, ազատութիւնն ալ պէտք ունի կրօնին ( Ուիլհէլմ Վոն Գիթլլեր եպիսկոպոսին խօսքերէն)։ Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց թէ<< մարդկային համակեցութեան համար չկայ ազատութիւն առանց զօրակցութեան ։ Գործերը որ կը կատարենք ուրիշի վնաս հասցնելու համար ազատութիւն չէ այլ յանձանք մը։ Ես կրնամ ձգտիլ ազատութեան միայն իմ ուժերուս վրայ վստահելով ու զանոնք գործածելով ուրիշներու բարիքին համար։ Եւ ասիկա ոչ միայն անհատական գետնի վրայ այլ նաեւ՝ ի նպաստ հասարակութեան։ Հուսկ Սրբազան հայրը մատնանշեց Դաշնակցային գերմանիոյ պատմութեան հաստատելով որ անցեալի մութ էջերէն կրնանք դաս առնել ու ներկան աւելի լաւ ապրիլ։ Դաշնակցային Գերմանիան այսօր այս իրողութեան մէջ կը գտնուի որովհետեւ անցաւ ազատութեան ճանապարհէն որ կը հիմնուի Աստուծոյ եւ ուրիշներու հանդէպ պատասխանատութեան վրայ։ Այսօր եւս ան պէտք ունի այդ ուժին որպէսզի կարենայ յառաջանալ ամէն ասպարէզներու մէջ։ Աշխարհը արմատական մշակոյթի նորոգումի կարիքն ունի եւ պէտք է վերագտնէ հիմնական արժէքները աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.