2011-09-22 13:32:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Այցելութիւնը Գերմանիա - Առաջին Օր։-


Պենետկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը սեպտեմբեր 22 - 25 Պետական այց կը կատարէ Դաշնակցային Գերմանիա։
Հինգշաբթի 22 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8.15-ին Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն Սրբազան Քահայնայապետի Թռիչքը կը մեկնի դէպի Պերլինի- Թեկել օդակայանը ուր նորին Սրբութիւնը կը ժամանէ 10.30-ին, եւ ուր զինք կը դիմաւորեն Գերմանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ քաղաքական իշխանութիւններու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Դաշնակցային Գերմանիոյ Նախագահ՝ Քրիստեան Վոլֆի, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն վարչապետ՝ Անկէլա Մերքել, Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Րոպէր Զոլլիչ ու Պերլինի արքեպիսկոպոս Րայնէր Մարիա Վոլքի։
Սրբազան Հայրը Պերլինի օդակայանէն կ՛ուղղուի անմիջապէս դէպի ՊԷլվիւ նախագահական աշտարակը ուր տեղի կ՛ունենայ Բարի Գալուստի Պաշտօնական արարողութիւնը եւ որուն ընթացքին Սրբազան հայրը ճառ մը կ՛արտասանէ։
Բարի Գալուստի արարողութենէ ետք՝ Նորին Սրբութիւնը հադիպում կ՛ունենայ գերմանիոյ Նախագահ Քրիստեան Վոլֆի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ։

ՊԷլվիւ նախագահական աշտարակը կառուցուած է 1785-ին։ Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին, աշտարակը կը քանդուի եւ 1959-ին վերակառուցման ենթարկուելէ ետք՝ կը դառնայ դաշնակցային գերմանիոյ նախագահի պաշտօնական նստավայրը։ Գերմանիոյ Նախագահ Քրիստեան Վելֆը 1959-ին ծնած է, ու նախագահ ընտրուած է 30 յունիս 2010ին։ Սրբազան Քահանայապետին հետ պաշտօնական հանդիպումի օրակարգը կը նախատեսէ
ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը
պատուիրակութիւններու ներկայացում
քայլերգներու երգեցողութիւն
Նախագահական պալատի պահակագունդի տողանցք
Նախագահի ճառ ու ապա Սրբազան Քահանայապետին ճառը։
Նախագահական ընտանիքի հետ առանձնական հանդիպումէն ետք, սրբազան հայրը կ՛ուղղուի Պերլինի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Կեդրոն, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Վարչապետ Անկէլա Մերքելի հետ։ Վարչապետ Անկէլա Մերքել ծնած է 1954ին ու 2005էն ի վեր դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետն է։ Դուստրն է լուտերական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հորսդ Գազների։ Մերքել մականունը իր առաջին ամուսնոյն մականունն է։
Կեսօրուայ հակիրճ դադարէ ետք յետ միջօրէին Նորին Սրբութիւնը այցելութին կը կատարէ գերմանիոյ դաշնակցային Խորհրդարանի Րէյքսթակ Պալատը, ուր ժամը 16.15ին ճառ մը կ՝ուղղէ խորհրդարանի անդամներուն։
Նշենք որ ասիկա երրորդ անգամն է որ Քահանայապետ մը կ՝այցելէ Խորհրդարան մը. նախապէս ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետը, ելոյթ ունեցած էր Վարսավիայի ու ապա Հռոմի խորհրդարաններու մէջ, իսկ Պենետիկտոս ԺԶ այժմ ելոյթ կ՛ունենայ Պերլինի խորհրդարանի մէջ։ Ժամը 17.15-ին՝ Խորհրդարանի մէկ սրահներէն մէկուն մէջ, Սրբազան Հայրը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Գերմանիոյ Հրեայ հասարակութեան ներկայցուցիչներու հետ, որմէ ետք կ՛ուղղուի դէպի Պերլինի Օլիմբիա դաշտ, ուր ժամը 18.30-ին նախատեսուած է բացօթեայ սուրբ պատարագ մասնակցութեամբ՝ աւելի քան 70 հազար ուխտաւորներուն, ժամանած Գերմանիոյ զանազան թեմերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.