2011-09-22 14:08:17

Դաշնակցային Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահի Գնահատումով ''Սրբազան Քահանայապետին Միջամտութիւնը Ամէն Տեսակէտով Կը Հանդիսանայ Պատմական Արտակարգ Եղելութիւն Մը''։


Նորին Սրբութեան այցելութիւնը խորհրդարան, Հինգշաբթի 22 Սեպտեմբեր 2011-ի յետմիջօրէին, կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան Դաշնակցային Գերմանիոյ առաքելական ճամբորդութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը։
Սրբազան Հայրը տեսակցութիւն ունենալէ ետք երկրի աւագ ներկայացուցիչներուն հետ, ճառ մը արտասանեց խորհրդարանին առջեւ։
Նորին Սրբութեան դաշնակցային խորհրդարան այցելեց նախագահ՝ Նորբերդ Լամմերդին հրաւէրով։ Լամմերդի գնահատումով ''Սրբազան Քահանայապետին միջամտութիւնը ամէն տեսակէտով կը հանդիսանայ պատմական արտակարգ եղելութիւն մը''։
Գերմանիոյ ազգային ժողովը, կազմուած՝ 622 անդամներէ, ունի գլխաւոր չորս պաշտօններ. առաջին` կառավարութեան կազմութեան վճռական մարմին է։ Երկրորդ` կ'ընտրէ երկրին վարչապետը։ Երրորդ օրէնսդրական ընթացքներու կեդրոնն է, եւ չորրորդ կը ներկայացնէ գերմանացի ժողովուրդը եւ պարտականութիւն ունի հսկելու կառավարութեան վրայ եւ զբաղելու ընկերային խումբերու հարցերով։
Bundestag` Գերմանիոյ ազգային ժողովի շէնքը խորհրդանիշը կը հանդիսանայ Գերմանիոյ պատմութեան։ կառուցուած 1894-ին որպէս աթոռը Կայսրութեան խորհրդարանին։ Պերլինի պատին փլուզումէն ետք 1989-ին, միացեալ Գերմանիոյ առաջին խորհրդարանը հոն գումարուեցաւ 1991-ին։ Խորհրդարանի շէնքին վերակառուցումէն ետք՝ 1999-ին Ազգային ժողովը վերջնականապէս հոն հաստատուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.