2011-09-21 13:14:10

Քահանայական Ձեռնադրութիւնը Անտոն Սրկ.Թահանի-Հալէպի Մէջ։


Կիրակի 11 Սեպ.-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հալէպի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ` Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ` Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, խարտաւիլակութեամբ` Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւոր` Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեանի Տէր Անտոն Սրկ. Թահան, ընդունեց քահանայական կարգը:
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ՝ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը` Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալ Վարդապետին իր հայրական պատգամը փոխանցեց:
Ան նորօծ քահանային ուշադրութեան յանձնեց հինգ հիմնական հանգամանքներ, որոնցմով կարելի կը դառնայ ըլլալ օրինակելի վարդապետը ըսելով` «Սիրելի որդեակս Անտոն, դուն այսօր կանչուած ես քահանայութեան եւ որպէսզի դառնաս օրինակելի քահանայ, եւ քու բարի համբաւդ օրինակ ծառայէ ուրիշներուն ապա պէտք է քահանայութեանդ ողջ ընթացքին ուշադրութիւն դարձնես Պետրոս առաքեալի նամակներէն մէկուն մէջ նշուած՝ հինգ սկզբունքներու վրայ. հօտի հսկում, հովութիւն յանուն Տիրոջ, հովութիւն խանդավառութեամբ եւ անձնուիրումով, հօտին բարի օրինակ ծառայելով» Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորութեամբ եւ բարեմաղթութիւններով:
Արարողութենէն ետք նորօծ քահանան` Գերապատիւ Հայր Անտոն Վրդ. Թահանն եւ ծնողքը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.