2011-09-21 13:12:28

21 սեպտեմբեր 1991 - 21 սեպտեմբեր 2011


20 տարիներ անցան այն օրէն երբ Արարատի լերան շուքին տակ դարձեալ ծածանեց հայկական դրօշը իր կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն գոյներով փաստելու հայ ազգի գոյատեւման պայքարի յաղթանակը ու հայ ժողովուրդին ազատութեան ու անկախութեան ձգտումներու իրականացումը։
Բարձր ծածանեց հայոց աշխարհի մէջ եռագոյնը ու ի սփիւռս աշխարհ ցրուած հայ ժողովուրդի զաւակներրը գոհունակութեան աղօթքներ մատուցին Բարձրեալին ու իրենց կարգին բացականչեցին <<կեցցէ Հայաստանը` ազատ ու անկախ հայրենիք>>։
Անցան 20 տարիներ ու եթէ ուզենանք պահ մը ետ նայիլ, պիտի անդրադառնանք թէ որքան ճանապարհ կտրած ենք։
Պիտի մտաբերենք խոչընդոտները որոնց հանդիպեցանք ու արգելքները որոնց դիմաց գտնուեցանք։ Գուցէ պահ մըն ալ պիտի խորհինք թէ ինչ վստահութեամբ է որ կարողացանք դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ թէ որքան քաջութեամբ կարողացանք արձանագրել յաջողութիւններ։ Անշուշտ պիտի մտածենք թէ զերծ չեղանք սխալներ գործելէ ու անզգուշաբար մեր կեանքը վտանգի ենթարկելէ։ Գուցէ պիտի խորհինք ու հասկնանք թէ ինչո՞ւ մեզ հայ կը կոչեն. Թէ ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ, ունենալ հայու արիւն ու ապրիլ հայու ճակատագիր։ Հաւանաբար այն պահուն պիտի ըմբռնենք թէ որքան կարեւոր պարտականութեան առջեւ կը գտնուինք, որպէսզի մեզի յանձնուած յաջորդ սերունդին պատրաստենք փայլուն` ամուռ ու տոկուն ապագայ մը`։ Պարտականութիւն մը որ մեր նախնիքները արեան գնով աւարտեցին փոխանցելով մեզի կտակ մը ոսկեայ, շարունակելու՝ իրենց կերտած ճանապարհը վասն կրօնի եւ հայրենեաց ու վասն ազգիս ու եկեղեցւոյս հայոց։ 21 սեպտեմբեր 1991-ին՝ ժողովուրդը սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ, ձեռք ձեռքի տուած քալեցին դէպի երրորդ հազարամեայ։
Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ 21 սեպտեմբեր 2011 ին մաղթանքը այն է որ համայն հայութեան աչքերը սեւեռած Արարատին, ու վեհանձն սուրբ լերան գագաթի բարձունքէն դիտեն աշխարհը, պահապան ու պաշտպան կանգնելով իրենց դարաւոր պատմութեան ու արժէքներուն աւելի բարեբեր ապագայի մը երազանքով։ Բարի տարեդարձ Հայաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.