2011-09-20 14:09:08

Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներուն Եւ Ներկայացուցիչներուն Համահայկական Համաժողովի Հանդիսաւոր Բացումը Երեւանի Մէջ։


Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Երկուշաբթի 19 սեպտեմբերին, բացումը կատարուեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն համահայկական համաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան 500 ներկայացուցիչներ 53 երկիրներու հայ համայնքներէն:
Համաժողովին կը մասնակցէին նաեւ՝ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, որ Հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը որ անդրադարձաւ Հայ ժողովոսւրդի դժուարութիւններուն, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչները՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան որոնք ներկայացուցին Ամենապարիւ Հոգեւոր տիրոջ պատգամը սոյն համագումարի մասնակցողներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան բացումը կատարելով նշեց, որ համաժողովը 10 միլիոն հայերու զօրութեան խորհուրդը ունի: «Կը հաւատամ, որ Հայաստան, Արցախ, սփիւռք միասնութիւնը կրնայ լեռներ շարժել: Աւելի՛ն. որոշ լեռներ արդէն շարժած են» ապա նաեւ ըսաւ. Հայաստանը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ արեւմտահայերէնի պահպանման համար՝՝։
Սփիւռքի հոգեւոր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին խօսեցան 20-ամեայ անկախ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ խնդիրներուն մասին:
Խօսք առաւ Նաեւ ԼՂՀ նախագահ՝ Բակօ Սահակեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ելոյթը սուր էր, ան անդրադարձաւ փտածութեան եւ արտագաղթին` վերջինս որակելով «ներքին արիւնահոսութիւն»: Ըստ վեհափառին, Հայաստանէն արտագաղթը նոյն թափով կը շարունակուի եւ կ՛ակնկալուի, որ այս ահազանգը արձագանգ գտնէ Հայաստանի իշխանութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: «Մեր թշնամին Հայաստանը ուզեց տեսնել առանց հայութեան: Այսօր մենք մեր ձեռքերով կը պարպենք Հայաստանը իր ժողովուրդէն, իր ստեղծագործ ոգիէն, իր որակէն: Իսկ անհրաժեշտ է, որ փտածութիւն կոչուող հիւանդութեան արագ ընթացքը, այլ խօսքով` փոքրամասնութեան տնտեսական յղփացած վիճակը եւ անոր դիմաց մեր ժողովուրդի կենցաղային խեղճ պայմանները արագօրէն բարեփոխութեան ենթարկուին: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն նկատմամբ», ընդգծեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` իշխանութիւնները քննադատող ելոյթով հանդէս եկաւ նշելով, որ անկախութեան 20 տարիներէն ետք իշխանութիւնները ժողովուրդին կը հրամցնեն հայրենիք մը, ուր գոյութիւն ունի աղքատութիւն, անգործութիւն, անարդարութիւն, ընկերային անապահովութիւն, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութիւն, հայրենիք մը, որմէ կը շարունակեն անխնայ հեռանալ:
Մարգարեան աւելցուց, որ ընկերային բեւեռացման այս ծայրայեղ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խօսիլ համերաշխութեան, միասնականութեան եւ համախոհութեան մասին եւ համախմբուելու կոչ ուղղեց: «Բաժան-բաժան մնալով մենք կ՛երկարաձգենք բեւեռներու կեանքը, որ եթէ կեանք է իրենց համար, մահ է` ըստ էութեան», ընդգծեց Մարգարեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` յայտարարեց, որ Հայաստան բաց է բանակցութիւններ կատարելու իսկ Ազրպէյճանի կողմէ նոր արկածախնդրութեան պարագային Հայաստան պիտի չվարանի հակառակորդին կրկին խաղաղութիւն պարտադրելու հարցին մէջ:
Անդրադառնալով բանակցային հոլովոյթին, ան յայտնեց, որ Ազրպէյճան չյաջողեցաւ իրագործել իր անիրատեսական պատրանքները եւ քարիւղային եկամուտներէն առած գումարները գործօն դարձնել ի նպաստ իրեն, տագնապի լուծման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.