2011-09-20 14:09:35

Ս. Պետրոս Հրապարակի Ամբողջական Վերանորոգումը։


Օգոստոս ամսոյն մէջ արդէն սկիզբ առին Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակի ամբողջական վերանորոգումը։ Վերանորոգումի աշխատանքները, որ պիտի տեւեն 30 ամիս, պիտի վերադարձնեն հրապարակին 17-րդ դարու իր փայլքն ու գոյնը։
Ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի. հրապարակին 376 սիւները, 140 արձանները, 1.200 մեթր քառակուսի տարածութեամբ պատշգամները, երկուորեակ` Թլմենդինա եւ Կրեկորեանա փոքր աղբիւրները, եգիպտական կեդրոնական կոթողը, կանգնուած 1586ին Սիքստոս Ե. Քահանայապետէն եւ նոյնիսկ 19-րդ դարու կոթողին շուրջ զետեղուած լամբարակիրները։
Այս վերանորոգումները կը գործադրուին շնորհիւ առատաձեռն բարերարներու եւ գեղարուեստական, գիտական եւ պատմական Վատիկանի Թանգարաններու պատասխանատու Անթոնիօ Բաուլուչիի հսկողութեան ներքեւ







All the contents on this site are copyrighted ©.