2011-09-20 10:40:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական ճամբորդութիւնը Գերմանիա։
Էրֆուրդ Հանգրուան Մը համամիութեան ի Խնդիր։


՝՝Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գերմանիա ներկայ առաքելական այցելութիւնը( 22-25 սեպտեմբեր) առիթ մըն է, քաջալերական նշան մը տալու եւ խորացնելու՝ երկխօսութիւնը կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ՝՝ (այսպէս յայտարարեց արդարեւ կարտինալ Գուրդ Գոխ՝ նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին)։

Սրբազան Հօր հանդիպումը Գերմանիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ,23 սեպտեմբերին Էրֆուրդի Օգոստինեան վանքին մէջ,յատկապէս նշանակալից եղաւ,նկատի ունենալով որ Լութերը սոյն վանքին մէջ ապրած է։

1999-ին կարտինալ Ռացինկեր, տակաւին կառավարիչը հաւատոյ ժողովին, աշխատակցած էր Արդարացումի Դաւանանքի միացեալ յայտարարութեան, ստորագրուած կաթողիկէ եկեղեցիէն եւ համաշխարհային Լուտերական դաշնակցութենէն։ Այդ յայտարարութիւնը վճռական եղաւ յառաջանալու դէպի կատարեալ միութիւն։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գերմանացի 19 ներկայացուցիչներ, որոնք աշխատած են Վատիկան, իըենց մասնակցութիւնը բերին համամիութենական այս հանդիպումին։
Նշենք որ Դաշնակցային Գերմանիոյ շուրջ 82 միլիոն բնակիչներու 2 երրորդը քրիստոնեայ է ։ Կաթողիկէները ու Աւետարանականները հաւասարապէս բաժնուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.