2011-09-20 11:33:54

2011-ը Հայ Մանուկի Տարի՝ Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ։ Մանկական ՝՝Մատենաշար՝՝ ը։


Բերիոյ Հայոց Թեմը ընդառաջելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2011ը «Հայ Մանուկի Տարի» հռչակումի պատգամին, անմիջապէս իրագործեց «Մանկական» Մատենաշարի առաջին հրատարակութեան լոյս ընծայումը։
«Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին կատարուող հրատարակչական բազմաբնոյթ շրջագիծին մէջ, «Ուխտ» եւ «Այգ» մատենաշարներու կողքին, իբրեւ շօշափելի մասնակցութիւն Պատգամին, իրագործուեցաւ , մանուկներու յատուկ «Մանկական» մատենաշարը, ՝՝որպէսզի հայոց բարբառով մանուկները վայելեն իրենց անմեղութեան օրերը, գունազարդ ու ժպիտը դէմքերուն պայծառութիւն ընծայող՝ հոգեպարար հայ գիրքով», (ըսած է Սուրիոյ Առաջնորդը՝Շահան Եպիսկոպոս Սարգիսեան )։

Մանկական մատենաշարի առաջին հրատարակութիւնը կը բացուի հայրենաբնակ արձակագիր Ալիս Յովհաննիսեանի «Կանաչ, Ուրախ ճամբորդներ» հեքիաթով։
«Կանաչ, Ուրախ ճամբորդներ» հեքիաթը արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածած է Պերճուհի Աւետեան, վերատեսութեան ենթարկած է Յովսէփ Ղազարեան, պատկերազարդած՝ Բենօ Միշոյեան, տպուած տպարան Ոսկետարի մէջ։ Նիւթին առնչուող գունաւոր եւ փայլուն պատկերազարդումը,եւ էջերու աւարտին զետեղուած, մանուկին համար դժուար հասկնալի որոշ բառերու բացատրութիւնները, հեքիաթը կը դարձնեն աւելի մատչելի ու հաճելի։
՝՝Մատենաշար՝՝ի յառաջաբանին մէջ Սրբազան Հօր գրած հետեւեալ իմաստուն խօսքը պերճախօս արտայայտութիւնն է Սուրիոյ ըմբռնումին,եւ խտացումը Հայ Մանուկի Տարուան պատգամին։

«Աստուածապարգեւ հայ մանուկը մեր կեանքի օրհնութիւնն ու ցնծութիւնն է։ Մատենաշարի յաջորդ թիւերը աւելի ու աւելի պիտի ամրապնդեն Հայ Մանուկի տարուան հանդէպ մեր Պատասխանատւութիւնն ու յանձնարարութիւնը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.