Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հաշմանդամներու եւ տարեցներու
հարցերով զբաղող վարչութեան 2011 Յուլիս մէկի տուեալներով, երկիրին մէջ կ՛ապրին 172 հազար
356 հաշմանդամներ, որոնցմէ 7891ը երեխայ է: «Հաշմանդամների իւրաքանչիւր տարիքային խումբ
իր խնդիրներն ունի ե՛ւ տրանսպորտի, ե՛ւ կրթութեան, իսկ չափահասների դէպքում՝ աշխատանքի
հետ կապուած», այսպէս յայտնած է «Փիւնիկ» միութեան հաշմանդամներու ծրագիրները համակարգող
Ռուզաննա Սարգսեան: Հաշմանդամներուն հաւասար իրաւունքներու ապահովման հիմնական չափանիշներէն
է՝ զանոնք աշխատանքով ապահովելու մակարդակը: Հայաստանի մէջ հաշմանդամներու միայն 8-9
տոկոսը աշխատանք ունի: Սարգսեան ըսած է նաեւ որ ՜՜Վերջին տարիներուն մեր երկրի մէջ
հաշմանդամներուն աշխատատեղով կ՝ապահովեն բջջային առաջատար ընկերութիւնները եւ իրավիճակը
բարելաւելու համար անհրաժեշտ է հասարակութեան ուշադրութեան մակարդակի բարձրացումը՝՝: