2011-09-19 13:21:34

Հայ Ջութակահար Հրաչեայ Աւանեսեանի Ելոյթը Ճաբոնի Մէջ։


Սեպտեմբեր 15ին Ճաբոնի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Թոքիոյի հեղինակաւոր համերգասրահներէն մէկուն մէջ` “Asahi Hall” ի մէջ տեղի ունեցած է հայ անուանի ջութակահար Հրաչեայ Աւանեսեանի ելոյթը:
Ձեռնարկին որ ընդգրկուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու ցանկի մէջ, ներկայ եղած են Ճաբոնի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, երկրի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, յայտնի գործարարներ, մշակութային եւ գիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հրաչեայ Աւանեսեանի կատարմամբ հնչած են հայ եւ եւրոպացի երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ, հայկական ժողովրդական մեղեդիներու մշակումներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ բերկրանքով ընդունուած են ճաբոնացի հանդիսատեսի կողմէ:
Հայ արուեստի ուժը լաւագոյնս արտայայտուած է ոչ միայն տաղանդաշատ ջութակահարի երաժշտութեամբ, այլեւ այն հանգամանքով, որ Ճաբոնի մէջ համերգ ունենալու առիթով միջազգային հիմնադրամներէն մէկը անոր վստահած էր իտալացի մեծ վարպետ Անթոնիոյ Ստրադիւարիուսի 1717թ. պատրաստած գործիքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.