2011-09-19 11:58:12

Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Հետ իր Յարաբերութիւնները Պիտի Սառեցնէ Եթէ Կիպրոսը Ստանձնէ Միութեան Նախագահութիւնը։ Թուրքիա Կիպրոսի Մէջ Նաեւ Կ՝արգելակէ Կազի Պեղումը.


Թուրքիոյ փոխ-վարչապետ Պեշիր Աթալայ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան «Պայրաք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները պիտի սառեցնէ, եթէ Կիպրոսը 2012-ին ստանձնէ Միութեան Նախագահութիւնը:
Պեշիր Աթալայ Հիւսիսային Կիպրոս իր այցելութեան աւարտին յայտնած է, որ «եթէ խաղաղութեան բանակցութիւնները Կիպրոսի մէջ արդիւնք չտան, եւ Եւրոպական Միութիւնը իր նախագահութիւնը Հարաւային Կիպրոսին յանձնէ, իսկական տագնապը Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ մենք պիտի սառեցնենք մեր յարաբերութիւնները: Մենք այդ մասին յայտարարեցինք, որովհետեւ իբրեւ կառավարութիւն այս որոշումը տուինք»:
1974-ին կիպրացի յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք(մինչ Յունաստանի մէջ տեղի կ՝ունենար Պետական հարուած մը) Թուրքիա ներխուժելով կը բռնագրաւէր Կղզիին մէկ երրորդը, հիւսիսի մէջ թրքական հանրապետութիւն մը ստեղծելով եւ զայն ճանչնալով ,բայց թէ Միջազգային Հասարակութիւնը չի ճանչնար Հիւսիսային Կիպրոսը։
Միւս կողմէ Կիպրոսի նախագահ Տեմիթրիս Քրիսթոֆիաս Թուրքիան ամբաստանեց շրջանին մէջ «լարուածութիւնը հրահրելու» եւ Կիպրոսի մէջ կազի պեղումներու աշխատանքը արգիլելու համար:
Քրիսթոֆիաս այս հարցը քննարկած Կիպրոսի նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց, որ «Թուրքիա վերջերս մեր երկրին եւ անոր ընկերութիւններուն բնական կազի պեղման հարցով սպառնալիքներ ուղղեց» եւ նշեց, որ «Թուրքիա շրջանին մէջ լարուածութիւնը կը հրահրէ եւ միջազգային արժեչափերը ոտնահարելով` ոճրային ընթացք մը կ՛որդեգրէ», եւ թէ այդ քաղաքականութիւնը «անընդունելի է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.